Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու անոր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին խօսած են Սուրիոյ տագնապին մասին` նշելով, որ այդ երկրի նախագահ Պաշշար Ասատը պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկել ապրիլի սկիզբը Իտլիպ նահանգին մէջ քիմիական զէնք օգտագործելուն համար:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Թրամփ Էրտողանին շնորհակալութիւն յայտնած է քիմիական զէնքի օգտագործման ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու կողմէ Շհէյրաթ զինուորական օդակայանի հրթիռակոծման գործողութեան աջակցելուն համար:
Երկու նախագահները նաեւ քննարկած են ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջոցները: