Քրտական ղեկավարութեամբ Ժողովրդավարական Սուրիոյ ուժերը յայտարարեցին, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռիւներու նոր փուլ մը սկսած են:
Նշեալ ուժերը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ գործողութիւնները սկսած են նոյեմբերին իրենց, ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքին եւ արաբական ու քրտական տարբեր ուժերու մասնակցութեամբ միացեալ շարք մը փուլերու ընթացքին:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ արշաւին չորրորդ փուլին նպատակը Ռաքքայի հիւսիսային գիւղական շրջանը ՏԱՀԵՇ-էն ձերբազատման ամբողջացումն է եւ Ռաքքայի ազատագրման նախապատրաստման համար վերջին արգելքները ջնջելը: