Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա Կը Զգուշացնէ Ուաշինկթընը. Սուրիոյ Դէմ Ամերիկեան Հարուածը Պէտք Չէ Կրկնուի

Ապրիլ 13, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հետ «երկարատեւ» հանդիպումի սկզբնաւորութեան յայտնած է, որ Մոսկուա կը հաւատայ, թէ անցեալ շաբաթ սուրիական օդուժի ռազմակայանին դէմ կատարուած ամերիկեան հրթիռակոծման նման դէպքեր պէտք չէ կրկնուին: «Պէտք է զգուշանալ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան հարուածներու կրկնութենէն», ըսած է Լաւրով` աւելցնելով. «Սուրիոյ մէջ ձեր վերջին զինուորական արարքը ապօրինի է»:

Թիլըրսըն Մոսկուա կ՛այցելէր փորձելով Ռուսիան համոզել Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի աջակցութիւնը դադրեցնելու: Թիլըրսըն Թրամփի վարչակազմէն առաջին պաշտօնատարն է, որ կ՛այցելէ Ռուսիա:

Ըստ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, Լաւրով Թիլըրսընի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է. «Վերջերս, մտահոգիչ քայլեր տեսանք, երբ Սուրիոյ դէմ ապօրինի յարձակումը կատարուեցաւ: Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը արդէն այս առնչութեամբ իր սկզբունքային գնահատականը արտայայտած է: Կը հաւատանք, որ ապագային այսպիսի քայլերու կրկնութեան վտանգի կանխարգիլումը հիմնական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ»:

Թիլըրսըն իր կարգին յայտնած է, որ երկու երկիրները «սուր տարակարծութիւններ ունին», եւ ինք կը ձգտի «աւելի լաւ հասկնալ», որպէսզի վիհը նեղցուի: «Երկուքս ալ համաձայնեցանք, որ հաղորդակցութեան գիծերը միշտ պէտք է բաց մնան», ըստ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին ըսած է ան:

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով հանդիպումէն առաջ յայտնած է, որ Լաւրով եւ Թիլըրսըն պիտի քննարկեն Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիներու հարցը: Ան նշեց, որ Սուրիոյ վերաբերեալ ամերիկեան դիրքորոշումը տակաւին առեղծուած կը մնայ Մոսկուայի համար:

Երեկոյեան հանդիպումի աւարտին տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Լաւրով յայտնեց. «Վերահաստատեցինք ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու մեր կեցուածքը եւ Թիլըրսընի հետ քննարկեցինք Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը»:

«Քննարկեցինք Խան Շէյխունի մէջ պատահածը եւ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան հարուածը` ընդգծելով կէտերու արձանագրման փորձէն հեռու հետաքննութիւն կատարելու կարեւորութիւնը», նշեց ան` աւելցնելով, որ ամերիկեան կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է Խան Շէյխունի դէպքին Քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման կազմակերպութեան կողմէ հետաքննութեան զօրակցելու: «Կարելի չէ Խան Շէյխունի վերաբերեալ ՄԱԿ¬ի որոշում որդեգրել առանց հետաքննութիւն կատարելու», ընդգծեց Լաւրով:

«Պատրաստ ենք Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցութեան փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթը վերականգնելու, եթէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի յանձնառութիւն ցուցաբերեն», ըսաւ ռուսական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով, որ համաձայնութիւն գոյացած է երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններու ներկայացուցիչներէ բաղկացած յանձնախումբ մը կազմելու` քննարկելու համար երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող «զգայուն հարցերը»:

Թիլըրսըն իր կարգին յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ վստահութիւնը քիչ է, «եւ ատիկա պէտք չէ շարունակուի»:

«Սուրիոյ միութիւնը հիմնական է, եւ պէտք չէ ահաբեկիչներուն համար ապահով երկիր մը ըլլայ», ըսաւ ան: «Սուրիական վարչակարգը քիմիական զէնքով ռմբակոծեց նախապէս ճշդուած ծրագիրի մը հիմամբ», յայտարարեց Թիլըրսըն, սակայն Լաւրով նշեց, որ ինք այդ հարցով տարակարծիք է Թիլըրսընի հետ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ Ասատ Սուրիոյ ապագային մէջ դերակատարութիւն պէտք չէ ունենայ, սակայն Լաւրով իր գործընկերոջ կոչ ուղղեց վարչակարգերու փոփոխութեան հարցին վերաբերեալ անցեալէն դասեր քաղելու` նշելով, որ պէտք է դասեր քաղել Սատտամ Հիւսէյնի եւ Մոամմար Քազզաֆիի հետ պատահածէն: Թիլըրսըն ըսաւ, որ Ասատ պէտք է կազմակերպուած ձեւով հեռանայ իշխանութենէն:

Սակայն ռուսական դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց. «Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ չկան անլուծելի տարակարծութիւններ»:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ռուսական «Միր» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Թրամփի իշխանութեան օրով ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները բարելաւուա՞ծ են, ըսաւ. «Կարելի է ըսել, թէ աշխատանքային մարզին մէջ վստահութեան մակարդակը, մասնաւորաբար զինուորական գետնի վրայ, չբարելաւուեցաւ, այլ հաւանաբար նահանջեց»: Ան նշեց, որ Սուրիան ձերբազատեցաւ քիմիական զէնքերէն եւ այս առումով իր բոլոր յանձնառութիւնները գործադրեց:

Փութին խօսելով «գունաւոր յեղափոխութիւններ»-ուն մասին յայտնեց. «Մենք գիտենք զանազան տեսութիւններ, որոնք կը գործադրուին աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ եւ լուրջ ապակայունացման կը յանգեցնեն այդ շրջաններուն մէջ: Անշուշտ, ոչ մէկ այդպիսի բան պէտք է թոյլ տանք եւ ամէն ձեւով պիտի ջանանք պաշտպանել Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ մեր գործընկերները»:

 

Նախորդը

«Մենք Չենք Պատրաստուիր Մուտք Գործելու Սուրիա» Կ՛ըսէ Թրամփ

Յաջորդը

Ուրբաթ Օր Մոսկուայի Մէջ Իրանի, Ռուսիոյ Եւ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Եռակողմ Ժողով

RelatedPosts

Շամխանի. «Իրան Պատրաստ Է Այսօր  Իսկ Միացեալ Նահանգներու Հետ Հիւլէական  Համաձայնութիւնը Ստորագրելու,  Եթէ Իր Պահանջները Ընդառաջուին»
Գլխաւոր լուրեր

Շամխանի. «Իրան Պատրաստ Է Այսօր Իսկ Միացեալ Նահանգներու Հետ Հիւլէական Համաձայնութիւնը Ստորագրելու, Եթէ Իր Պահանջները Ընդառաջուին»

Մայիս 16, 2025
Թրամփ. «Կը Կարծեմ, Որ Իրանի Հետ  Համաձայնութեան Հասնելու Մօտ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Կարծեմ, Որ Իրանի Հետ Համաձայնութեան Հասնելու Մօտ Ենք»

Մայիս 16, 2025
Ուիթքոֆ. «Լիբանան Անկախ Պետութիւն Է,  Որ Իր Գերիշխանական Որոշումները Ինք Կու Տայ,  Եւ Մենք Կառավարութեան Այդ Կարողութեան  Նկատմամբ Վստահութիւն Ունինք»
Գլխաւոր լուրեր

Ուիթքոֆ. «Իրանի Հետ Կարելի Է Համաձայնութիւն Գոյացնել Նախքան Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլը»

Մայիս 16, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?