Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի յայտնեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ մօտ օրէն պիտի այցելէ Մոսկուա:
«Իրանի արտաքին գործոց նախարարը ուրբաթ օր պիտի այցելէ Մոսկուա` մասնակցելու համար Իրանի, Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ ժողովին», նշեց Քասեմի: