Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իբրեւ Հակադարձութիւն Թեհրանի Մէջ Կատարուած Ահաբեկչական Յարձակումներուն. Թեհրան Իրանէն Արձակուած Հեռահար Հրթիռներով Ռմբակոծեց Տէր Զօրի Մէջ Ահաբեկչական Խմբաւորումներու Կեդրոնները

Յունիս 20, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի մամլոյ ծառայութիւնը յայտարարեց, որ իր ուժերը կիրակի օր հրթիռներ արձակած են Տէր Զօրի մէջ ահաբեկիչներուն կեդրոնատեղիին դէմ` «պատժելու համար Թեհրանի մէջ վերջերս կատարուած ահաբեկչական երկու յարձակումներու հեղինակները»:

Ըստ հաղորդագրութեան, Յեղափոխական պահակագունդը ցամաքէ ցամաք հեռահար վեց հրթիռներ արձակած են Տէր Զօրի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոնատեղիներուն դէմ` նշելով, որ ըստ տեղեկութեանց, զինեալները ունեցած են բազմաթիւ զոհեր եւ անոնց սպառազինութիւնները ոչնչացուած են:

Յեղափոխական պահակագունդը յայտնեց, որ հրթիռները արձակուած են Իրանի արեւմտեան Քիւրտիստան եւ Քարմանշահ շրջաններէն:

Յեղափոխական պահակագունդին մէջ օդուժի ղեկավար Ամիր Ալի Հաժի մեկնաբանելով գործողութիւնը նշեց. «Մեր թշնամիները պէտք է զգուշանան: Մենք հաւատադրժողականներուն պայթուցիկներուն կը հակադարձենք հրթիռներով»:

Իրանի խորհրդարանի նախագահի օգնական Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեան իր կարգին ըսաւ. «Գիշերը ահաբեկիչներու դիրքերուն դէմ արձակուած մեր հրթիռները պարզապէս նուրբ զգուշացում էին»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 7-րդ կայանը նշեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը Իսրայէլի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու դէմ սպառնական պատգամ մըն է: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթի կայքը իր կարգին իրանեան քայլը նկատեց «հրթիռային հազուադէպ յարձակում մը»:

Սուրիական բանակի մամլոյ ծառայութիւնը «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ հրապարակեց քարտէս մը, որ ցոյց կու տայ իրանեան հրթիռներուն կտրած շուրջ 650 քմ երկարութեամբ ճամբան:

Նախորդը

Քրտական Ուժերուն Եւ Սուրիական Բանակին Միջեւ Բուռն Բախումներ. Միջազգային Դաշինքը Ռաքքայի Գիւղական Շրջանին Մէջ Վար Առաւ Սուրիոյ Օդուժի Ռմբաձիգ Մը

Յաջորդը

Թուրքիա Ազատ Առեւտուրի Գօտի Կը Ստեղծէ Նախիջեւանի Հետ

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?