Կայունութեան Եւրոպական Մեքանիզմը 8,5 Միլիառ Եւրոյի Նոր Վարկ Պիտի Յատկացնէ Յունաստանին
Կայունութեան եւրոպական մեքանիզմը, որ նախատեսուած է եւրոյի գօտիի` ճգնաժամային իրավիճակի մէջ յայտնուած երկիրներուն աջակցութեան համար, Յունաստանին նոր վարկ յատկացուցած է: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ եւրոյի գօտիի անդամ պետութիւններու ելեւմուտքի նախարարներուն որոշումով` Աթէնքին պիտի տրամադրուի 8,5 միլիառ եւրօ (շուրջ 9,5 միլիառ տոլար), սակայն գումարը պիտի տրուի մաս առ մաս: Վարկին առաջին մասը` 7,7 միլիառ եւրօ, պիտի փոխանցուի յուլիսի սկիզբը, յաջորդ...




















