Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքճի յայտարարած է, որ Թուրքիա ազատ առեւտուրի գօտի կը ստեղծէ Նախիջեւանի հետ:
Ըստ նախարարին, այդ հարցին առնչութեամբ արդէն ստեղծուած է անհրաժեշտ ենթակառոյցը:
«Նախիջեւանի մէջ արդէն տեղակայուած են Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները», ըսած է ան:
«Նախիջեւանի հետ առեւտուրը ոչինչով կը տարբերի թրքական քաղաքներուն հետ առեւտուրէն: Գործարքները պիտի կատարուին թրքական թղթոսկիով», նշած է Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարարը: