Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրտական Ուժերուն Եւ Սուրիական Բանակին Միջեւ Բուռն Բախումներ. Միջազգային Դաշինքը Ռաքքայի Գիւղական Շրջանին Մէջ Վար Առաւ Սուրիոյ Օդուժի Ռմբաձիգ Մը

June 20, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքի կործանիչները կիրակի կէսօրէ ետք Ռաքքայի հարաւային գիւղական շրջանի Ռասաֆա շրջանին մէջ վար առած են սուրիական պատերազմական օդանաւ մը, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութիւն մը կը կատարէր: Սուրիական օդանաւի օդաչուին ճակատագիրը կը մնայ անյայտ:

Հետագային ամերիկեան բանակը յայտնեց, որ ամերիկեան կործանիչներ վար առած են սուրիական օդանաւը, որ Սուրիոյ մէջ Ուաշինկթընի աջակցութիւնը վայելող զինեալներուն մօտ ռումբեր կը նետէր:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը իր կարգին հաղորդեց, որ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերն ու սուրիական բանակը այժմ իրարմէ կը բաժնէ Պուաասիէն Շահէյպ Զաքար երկարող Եփրատ գետը:

Դիտարանը հաղորդեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը վայելող Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն եւ սուրիական բանակին ու անոր դաշնակիցներուն միջեւ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան Ռասաֆա քաղաքի հիւսիսը Շուէյհան եւ Ժահիտին գիւղերու շրջանին մէջ:

Ըստ դիտարանին, այդ բախումները սկիզբ առած են, երբ ամերիկեան օդուժը վար առած է Ռասաֆա շրջանին վերեւ թռիչք կատարող սուրիական օդանաւը:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը նախքան այդ հաղորդած էր, որ սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած է Ժահիտին գիւղը, որ կը գտնուի Ռասաֆայի հիւսիս-արեւմուտքը: Այդ յառաջխաղացքին լոյսին տակ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերն ու սուրիական բանակը այժմ իրարմէ կը բաժնէ Պուաասիէն Շահէյպ Զաքար երկարող Եփրատ գետը:

Դիտարանը նշած էր, որ Սուրիոյ բանակն ու անոր դաշնակիցները կարեւոր յառաջխաղացք արձանագրած են` ընդլայնելով Ռաքքա նահանգին մէջ իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքը:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու վերջին դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամա նախագահ Տանըլտ Թրամփի համար Սուրիոյ մէջ Իրանի ազդեցութիւնը նուազեցնելու համար խաղի օրէնքները փոխելու շատ ընտրանք չէ ձգած:

«Իրանցիները ամերիկացիները պիտի մղեն նահանջելու Սուրիոյ արեւելքէն, ճիշդ ինչպէս 1983-ին հեռացան Պէյրութէն եւ Իրաքէն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Քիւրտերը ամերիկացիներուն վստահելնուն համար շատ սուղ գին պիտի վճարեն: Ամերիկեան բանակը զանոնք միայն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուելու համար կ՛օգտագործէ: Զանոնք պաշտպանելու համար Սուրիոյ վարչակարգին, Իրանի կամ Թուրքիոյ դէմ ուժ պիտի չկիրարկէ»:

«Այն ինչ որ քիւրտերուն կը կատարենք անբարոյական է եւ քաղաքական սխալ մը», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպանը:

Նախորդը

Մոսկուա Միացեալ Նահանգները Կը Զգուշացնէ Սուրիոյ Կառավարական Ուժերուն Դէմ Ուժ Կիրարկելէն

Յաջորդը

Իբրեւ Հակադարձութիւն Թեհրանի Մէջ Կատարուած Ահաբեկչական Յարձակումներուն. Թեհրան Իրանէն Արձակուած Հեռահար Հրթիռներով Ռմբակոծեց Տէր Զօրի Մէջ Ահաբեկչական Խմբաւորումներու Կեդրոնները

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.