Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրած է բանաձեւ մը, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն` անյապաղ ազատ արձակելու 29 մայիսին Վրաստանի մէջ առեւանգուած եւ Ազրպէյճան տեղափոխուած Աֆղան Մուխթարլին եւ չեղեալ յայտարարելու անոր նկատմամբ բոլոր մեղադրանքները: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիուզ»-ը:
Նոյն բանաձեւով Եւրոպական խորհրդարանը Ազրպէյճանի իշխանութիւններէն կը պահանջէ դադրեցնել լրագրողներու եւ իրաւապաշտպաններու քրէական հետապնդումներն ու բանտարկութիւնները, անյապաղ ազատ արձակել բոլոր քաղաքական բանտարկեալները եւ ապահովել արդարացի դատավարութեան չափանիշներու պահպանումը: