Երէկ երեկոյեան զգուշաւոր լռութիւն տիրեց Երուսաղէմի եւ մերձակայ շրջաններուն մէջ` ուրբաթօրեայ բախումներէն ետք: Արդարեւ, հարիւրաւոր պաղեստինցիներ երէկ ամբողջ օրը համախմբուեցան Աքսայի մզկիթին շուրջ, ուրբաթ օրուան նամազ կատարելու համար: Սակայն շուտով վերսկսան բախումները, երբ իսրայէլեան ուժեր փորձեցին յիսուն տարեկանէն վար երիտասարդներուն մզկիթ մուտքը արգիլել: Տասնեակներով պաղեստինցիներ վիրաւորուեցան, երբ իսրայէլեան ուժեր փորձեցին արցունքաբեր կազերով եւ այլ միջոցներով կասեցնել անոնց մուտքը նախքան խուզարկութեանց ամբողջացումը: Անոնք մտան Աքսայի շրջափակ եւ քակեցին պաղեստինցիներու կողմէ հոն զետեղուած դրօշակները, ինչ որ առաւել եւս բռնկեցուց կացութիւնը:
Աւելի ուշ պաղեստինեան թէ արտաքին արաբական եւ միջազգային ճնշումներու տակ իսրայէլեան ուժեր լրիւ քակեցին եւ վերացուցին անցարգելներն ու լուսանկարչական քննիչ գործիքները: Անոնք նաեւ մեղմացուցին իրենց կաշկանդումի արարքներն ու խիստ խուզարկութիւնները եւ արտօնեցին պաղեստինցիներու մուտքը, առանց տարիքային սահմանումներու:
ՄԱԿ կոչ ուղղեց Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն` հանդարտելու եւ առաւել եւս չլարելու կացութիւնը:
Այս առիթով նաեւ Երուսաղէմի ընդհանուր ոստիկանապետը պաշտօնանկ ըրած է իր օգնականը` Արիէ Ամիթը:
Նշենք, որ հազարաւոր պաղեստինցիներ հինգշաբթիէն ուրբաթ լուսցող գիշերը մարդկային ցանկապատ մը կազմած էին Աքսայի մզկիթին շուրջ` անտեսելով իսրայէլեան արգելքները: Անոնցմէ շատեր վիրաւորուած էին, եւ տոքթ. Մուսթաֆա Պարղութի, որ գիշերողներու կողքին էր, իբրեւ բժիշկ տեղւոյն վրայ մասնակցած էր պաղեստինցի վիրաւորներու դարմանումի աշխատանքներուն` օգնելով հոն փութացած բժիշկներուն:
Բախումները, որոնց սաստկացումի պարագային պաղեստինեան երկրորդ «ինթիֆատա» մը անխուսափելի կը դառնայ, շուտով վարակեցին նաեւ այլ շրջաններ, ինչպէս Քիլինտիա եւ այլն:
Արդարեւ, պաղեստինցի երիտասարդ մը սպաննուեցաւ, երբ ան կը փորձէր դաշունահարել իսրայէլացի զինուոր մը:
Տոքթ. Պարղութիի կարծիքով, Երուսաղէմի Աքսայի մզկիթին շուրջ ծագած այս վերջին օրերու դէպքերը իրենց պատճառած նիւթական թէ մարդկային կորուստներու կողքին նաեւ պարզեցին «պաղեստինցի ժողովուրդին պայքարի վճռակամութիւնը»: «Մոնթէ Քարլօ» կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին տոքթ. Պարղութի կոչ ուղղեց պաղեստինեան հակադիր խմբաւորումներուն (Ֆաթհ, Համաս…)` «շրջանցելու իրենց տարակարծութիւնները եւ միասնաբար դիմադրելու իսրայէլեան թշնամիին»:
Պաղեստինեւիսրայէլեան այս բախումները առաջինը չեն, ոչ ալ վերջինը: Ակնյայտ է, որ տասնեակներէ ի վեր շրջանը յուզող այս առանցքային տագնապին մէջ քաղաքականի կողքին ներմղուած են նաեւ կրօնական ազդակներ, որոնք շուտով շահարկումի նիւթ դարձան շրջանային առնչակից կողմերէ, յատկապէս` Թուրքիոյ, որ փորձեց իսլամական աշխարհը զօրաշարժի մղել եւ պահանջեց իսլամներուն վստահիլ Երուսաղէմի ու անոր մզկիթներու պաշտպանութիւնը: