Շաբաթավերջին լրտես թռչուն մը յայտնաբերուեցաւ, երբ անոր ամէնօրեայ հերթական թռիչքը Թուրքիոյ հարաւը` Ալեքսանտրեթի նահանգին դիմաց գտնուող սուրիական Իտլիպ շրջանին վերեւ կասկածի մղած էր շրջանի զինեալները, որոնք կրակած էին անոր ուղղութեամբ` սատկեցնելով զայն:
Թրքական «Հապերլեր» կայքը, «Զաման» թերթէն քաղելով իր տեղեկութիւնները, կը հաղորդէ, թէ Սուրիական ազատ բանակի ուժեր յետ խուզարկութեան յայտնաբերած են թռչունին վրայ զետեղուած իսրայէլեան լրտեսական սարքեր եւ լուսանկարչական գործիք մը: Այս գծով քննութիւնները կը շարունակուին` ստուգելու համար թռչունը «առաքող» կողմին ինքնութիւնն ու նպատակը: