«Ռաշա Թուտէյ» կայքի արաբերէն բաժինը, երէկ ընկերային ցանցերէ քաղելով իր տեղեկութիւնները, կը յայտնէ, թէ Սուրիական քաղաքացիական երիտասարդութեան կազմակերպութիւնը երէկ` կիրակի, 30 յուլիսին հրապարակած է տեսերիզ մը, ուր թուրք զինուորներ բիրտ կերպով կը հարուածեն, կը խոշտանգեն ու կ՛անարգեն սուրիացի գաղթականներ, որոնք կը փորձեն Թուրքիա մուտք գործել:
Նոյն աղբիւրին համաձայն, համացանցի վրայ սփռուող այս տեսերիզին մէջ ո՛չ անոր պատրաստութեան թուականը, ո՛չ ալ` վայրը կամ ծեծի ենթակայ գաղթականներու ճակատագիրը նշուած են: