Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծոցի Տագնապի Լուծման Ճիգերու Ծիրին Մէջ. Քաթարին Հակադիր Քառեակը Պատրաստ Է Տոհայի Հետ Երկխօսութեան, Եթէ …

July 31, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Պատրաստ ենք երկխօսութեան նստելու Քաթարի հետ, պայմանով, որ վերջինս անկեղծ եւ գործնական պատրաստակամութիւն յայտնէ ահաբեկչութեան դիմակալման գծով», յայտարարեց Քաթարին հակադրուող քառեակի` Սէուտական Արաբիոյ, Պահրէյնի, Եգիպտոսի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու հրապարակած միացեալ հաղորդագրութիւնը երէկ` կիրակի, 30 յուլիսին, Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամայի մէջ:

Արդարեւ, անցնող 5 յունիսէն ի վեր Արաբական ծոցի վերջին տարիներու յոռեգոյն տագնապը նկատուող այս հակադրութեան լուծման ճիգերուն ծիրին մէջ, նշեալ քառեակը երէկ գումարեց արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով ժողով մը, որուն աւարտին միացեալ հաղորդագրութեամբ մը երկխօսութեան կոչ ուղղեց Քաթարի` վերահաստատելով իր պահանջած 13 պայմաններու կիրարկումը: Այդ պայմաններուն շարքին են, օրինակ` Քաթարի յանձնառութիւնը ահաբեկչութեան դիմակալման եւ անոր ֆինանսաւորման դադրեցման, թրքական զինուորական խարիսխի փակման, «Ժազիրա» արբանեակային կայանի փակման եւ այլն:

Միւս կողմէ, քառեակի արտաքին գործոց նախարարները երէկ մամլոյ ասուլիս մը տալով  քննադատեցին «քաթարցի ուխտաւորներու Մեքքէ մեկնումը արգիլող Քաթարի որոշումը»:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր Քաթարէն պահանջեց չքաղաքականացնել դէպի Մեքքէ ուխտագնացութեան հարցը` ողջունելով բոլոր քաթարցիներու Մեքքէ ժամանումը: Անոնք  այս նպատակով օդանաւային արտակարգ անցքի ուղիներ ճշդած են ուխտաւորներու ապահով ժամանումը հաստատելու համար: Ան ընդգծեց, որ Քաթարի դէմ տնօրինուած բոլոր քայլերը միջազգային օրէնքներու սահմանին մէջ են եւ չեն հակասեր անոնց:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պըն Զայէտ Քաթարը պատասխանատու նկատեց որեւէ վնասի, որուն կրնայ ենթարկուիլ քաթարցի քաղաքացին այս տագնապին պատճառով: Ան աւելցուց, որ ի պահանջել հարկին, պատժական յաւելեալ  քայլեր կրնան տնօրինուիլ Քաթարի դէմ:

Օրին Քաթար մերժած էր  այդ պահանջները` զանոնք երկրին «գերիշխանութիւնը խախտող եւ միջազգային օրէնքներու տրամադրութեանց հակոտնեայ» նկատելով:

Նմանապէս, Քաթարի դաշնակից Թուրքիա շեշտած էր, որ պահանջները «քննարկումէ դուրս են»` մերժելով իր զինուորական խարիսխին փակման շուրջ որեւէ կոչ կամ բանակցութիւն:

Քաթար Կը Հերքէ

«Մանամայի ժողովը նախկին հակասութիւններուն վրայ նոր հակասութիւններ բարդացուց», յայտնեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի երէկ` հակազդելով հակադիր քառեակի յայտարարութեան:

Քաթարցի նախարարը հերքեց նաեւ, թէ Քաթար փորձած է միջազգայնացնել  դէպի Մեքքէ ուխտագնացութեան հարցը` նշելով, որ այս գծով որեւէ քայլ չէ առած Տոհա: «Ժազիրա» կայանին տուած իր յայտարարութեամբ, ան նաեւ հերքեց, թէ Քաթար կը ջանայ քաղաքականացնել Մեքքէի ուխտագնացութեան հարցը: «Դժբախտաբար Սէուտական Արաբիա ինք է, որ կը քաղաքականացնէ այս հարցը», շեշտեց ան:

Նախորդը

ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Սուրիոյ Պատերազմի Ընթացքին. Զոհուած Է «Ռաշա Թուտէյ»-ի Լրագրողը

Յաջորդը

Հակազդելով Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն` Ռուսիա Կ՛որոշէ Ամերիկացի 755 Դիւանագէտ Արտաքսել

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.