Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իսրայէլ Մասնակցած Է Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Զինադադարի Շուրջ Գաղտնի Բանակցութիւններուն» Կը Գրէ «Հաարեց»

August 10, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թել Աւիւ, Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն հարաւային Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու նպատակով յուլիսի սկիզբը գումարած են շարք մը գաղտնի ժողովներ:

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ եւ արեւմուտքցի դիւանագէտներ իսրայէլեան օրաթերթին յայտնած են, որ ժողովները գումարուած են Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի եւ եւրոպական երկրի մը մայրաքաղաքին մէջ` մասնակցութեամբ նշեալ երեք երկիրներէն բարձրաստիճան դիւանագէտներու եւ ապահովական պատասխանատուներու:

Հանդիպումներուն մասնակցած են ամերիկեան կողմէն` Սուրիոյ հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Մայքըլ Ռաթնի, Միջազգային դաշինքին մէջ Սպիտակ տան յատուկ պատուիրակ Պրեթ ՄքԿըրք, իսրայէլեան կողմէն` արտաքին գործոց ու պաշտպանութեան նախարարութիւններէն, զինեալ ուժերէն եւ Մոսատէն պաշտօնատարներ, իսկ ռուսական պատուիրակութիւնը գլխաւորած է Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լարենթիեւ:

«Հաարեց» կը նշէ, որ Ամմանի մէջ գումարուած երկու ժողովներուն մասնակցած են նաեւ յորդանանցի պաշտօնատարներ, իսկ երրորդ ժողովը գումարուած է Եւրոպայի մէջ եւ աւելի բարձր մակարդակի մասնակցութեամբ:

Բանակցութիւններուն ընթացքին Իսրայէլ դէմ արտայայտուած է Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտիներու վերաբերեալ համաձայնութեան` նշելով Սուրիայէն իրանցի զինուորները հեռացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Կը նշուի, որ բանակցութիւնները կայացած են 7 յուլիսին Համպուրկի մէջ Քսաններու խմբակի ժողովի ծիրին մէջ Թրամփ-Փութին հանդիպումէն քանի մը օր առաջ: Յիշեցնենք, որ այդ հանդիպումէն ետք էր, որ յայտարարուեցաւ, թէ Տարաա եւ Քնէյթրա շրջաններուն մէջ զինադադարի հաստատման շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է:

Նախորդը

Քոսովոյի Մէջ Սահմանը Ապօրինաբար Անցած Վեց Ռուսեր Ձերբակալուած Են

Յաջորդը

«Անկախութեան Շուրջ Հանրաքուէէն Կարելի Չէ Ետդարձ Կատարել» Ըսաւ Պարզանի

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.