«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ անվտանգութեան ուժերը Իրաքի սահմանին վրայ ձերբակալած են Ֆրանսայի քաղաքացի Լոփեր Ժան Ռընէ Պիւրոն, որ կը կասկածուի Թուրքիոյ մէջ արգիլուած Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հետ կապեր ունենալու յանցանքով:
Աղբիւրին հաղորդումով, ֆրանսացին ձերբակալուած է 26 յուլիսին` Թուրքիոյ հարաւ- արեւելքը գտնուող Շըրնաք նահանգի տարածքին գտնուող «Հապուր» սահմանային անցքին վրայ:
Անձնական զննումի հիմամբ տղամարդուն մօտ յայտնաբերուած են լուսանկարներ եւ փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայեն Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան հետ կապերու մասին: Անգարա վերջինս կը նկատէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան առնչուած ահաբեկչական խմբաւորում մը:
Կը նշուի, որ Ֆրանսայի քաղաքացին ձերբակալուած եւ տեղափոխուած է Շըրնաք նահանգի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժին, ուր ուսումնասիրուած են գրաւուած նիւթերը:
Վերլուծութեան հիման վրայ ի յայտ եկած է, որ կասկածեալը լուսանկարներու շարք մը պատրաստած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան մասին եւ կատարած շարք մը հարցազրոյցներ, որոնք կը քարոզեն շրջանին մէջ այդ կուսակցութեան գործունէութիւնը:
Կը նշուի, որ դատարանին որոշումով ֆրանսացի քաղաքացին կալանաւորուած է: