Թրքական իշխանութիւնները Տիգրանակերտ նահանգին մէջ ձերբակալած են Ժապհաթ Նուսրայի անդամակցութեան յանցանքով կասկածելի 12 անձեր:
Անոնք ձերբակալուած են Տիգրանակերտի մէջ` նահանգի հանրապետական դատախազութեան Ժապհաթ Նուսրայի շուրջ կատարած հետաքննութեան ծիրին մէջ ապահովական մարմիններու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի խումբերուն կատարած ապահովական գործողութեան ընթացքին: