Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերպիոյ Նախագահը Պատրաստ Է Ալպաններուն Հետ Փոխզիջումային Լուծում Փնտռելու Քոսովոյի Խնդիրին

August 11, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ պատրաստ է ալպաններուն հետ փոխզիջումային լուծում փնտռելու Քոսովոյի խնդիրին, իսկ սեպտեմբերին մտադիր է երկրին մէջ լայն քննարկում նախաձեռնել այդ հարցին շուրջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ան այս յայտարարութիւնը կատարած է 9 օգոստոսի երեկոյեան` պելկրատեան «Փինք» պատկերասփիւռի կայանէն:

«Եթէ մենք Արեւմտեան Պալքաններուն մէջ հիւսիս-հարաւ գծով խաղաղութեան ու կայունութեան առանցք ստեղծենք երկու մեծագոյն ժողովուրդներու` սերպերու եւ ալպաններու միջեւ, յառաջիկայ հարիւր տարուան համար պիտի լուծենք մեր քաղաքական խնդիրներուն 80 առ հարիւրը», ըսած է Վուչիչ Քոսովոյի մասին:

Անոր համաձայն, Քոսովոյի վերաբերող լուծումը պէտք է «երկուստեք բաւարարէ», որովհետեւ միայն այդ ձեւով կրնայ փոխզիջումային դառնալ: Վուչիչ այդ գծով նշած է, թէ որոշում պիտի տրուի ո՛չ միայն սերպերու անցեալին, այլ նաեւ ներկային ու ապագային մասին:

«Կարեւոր է լաւ յարաբերութիւններ ունենալ ալպաններուն հետ, զանոնք կարգի բերելը միանգամընդմիշտ, այլ ոչ թէ պահպանել սառեցուած տագնապը: Ես մեծ յոյսեր չունիմ, սակայն անոնք կան», յայտարարած է Սերպիոյ նախագահը: Ան ընդունած է, թէ փոխզիջումը ինչպէս ալ ըլլայ, «Սերպիան ատիկա պիտի չներէ», եւ ինք գիտէ, թէ անձնական ու քաղաքական ի՛նչ հետեւանքներ կրնան սպասել անոր, որ կը մասնակցի այդ հոլովոյթին:

Վուչիչ նշած է, որ այժմ Քոսովոյի խնդիրին պատրաստ լուծումներ չկան, պիտի չըլլան նաեւ դիւրին որոշումներ, եւ ինք կարեւոր կը նկատէ սեպտեմբերին այդ հարցին քննարկումը ծաւալել բոլոր հարթակներուն վրայ:

«Բոլոր կազմակերպութիւններուն ու հաստատութիւններուն մէջ, գիտական խորհրդաժողովներուն ընթացքին, քաղաքացիական հասարակութեան, ոչ կառավարական հատուածին հետ պէտք է խօսիլ ու լսել ամէն ինչի մասին, բոլոր հարցերը դնել սեղանի վրայ եւ համեմատել, նայիլ, թէ ինչպիսի՛ն պիտի ըլլայ մեր ապագան, եւ մենք ի՛նչ կրնանք ակնկալել ապագային, որո՛նք են առաջին, երկրորդ կամ երրորդ որոշումին հետեւանքները», յայտարարած է նախագահը:

Քոսովոյի ալպանական իշխանութիւնները միակողմանի կարգով Սերպիայէն անկախութիւն հռչակեցին 2008 թուականին: Քովոսոյի անկախութիւնը ճանչցած են ՄԱԿ-ի հարիւրէ աւելի անդամ երկիրներ եւ Եւրոպական Միութեան, որուն կը ձգտի միանալ Սերպիան, 28 անդամներէն 23-ը:

Նախորդը

Ուաշինկթըն Արտաքսած Է Քուպացի Երկու Դիւանագէտներ

Յաջորդը

Թուրքիա Մեկնող Գերմանացի Երեսփոխան Մը Անվտանգութեան Երաշխիք Կը Պահանջէ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.