Միջազգային

Նեթանիահու. «Կազա Քաղաքին Մէջ  Լայնածաւալ Զինուորական  Գործողութեան Սկսանք»

Նեթանիահու. «Կազա Քաղաքին Մէջ Լայնածաւալ Զինուորական Գործողութեան Սկսանք»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու փտածութեան հարցով իր դատավարութեան նիստը մուտք գործելէ առաջ յայտարարեց. «Կազա քաղաքին մէջ զինուորական լայնածաւալ գործողութեան սկսանք»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ը: «Այսօր վճռական փուլի մէջ ենք եւ կարեւոր բաներ տեղի կ՛ունենան», ըսաւ ան: Նախքան այդ, «Աքսիոս», մէջբերելով իսրայէլացի պաշտօնատարներ, հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակը սկսաւ Կազա քաղաքը գրաւելու իր ցամաքային գործողութեան»: Անոնք ամերիկեան կայքին նշած են, թէ...

Սուէյտայի Շուրջ Սուրիա-Յորդանան- Միացեալ Նահանգներ Եռակողմ Համաձայնութիւն

Սուէյտայի Շուրջ Սուրիա-Յորդանան- Միացեալ Նահանգներ Եռակողմ Համաձայնութիւն

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ իր յորդանանցի պաշտօնակից Այման Սաֆատիի եւ Սուրիոյ հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թամըս Պարրաքի հետ համաձայնութեան մը ստորագրումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, թէ հարաւային Սուրիոյ Սուէյտա նահանգի հարցին շուրջ յստակ ճամբու քարտէս մը մշակուած է: Շիպանի ընդգծեց, թէ համաձայնութիւնը ստորագրուած է Յորդանանի եւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ: Ան շեշտեց, որ...

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու  Նախագահը Ալիեւի Հետ Այցելած Է Արցախ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Նախագահը Ալիեւի Հետ Այցելած Է Արցախ

Երէկ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանը այցելած են բռնագրաւուած Արցախ, շրջապտոյտ կատարած բռնագրաւուած Վարանդայի մէջ: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ ատկէ ետք անոնք ուղղուած են բռնագրաւուած Շուշի:  

Քաթարի Իշխանը Ռուպիոյի Հետ Քննարկեց  Տոհայի Վրայ Իսրայէլի Յարձակումն  Ու Կազայի Դէմ Պատերազմը

Քաթարի Իշխանը Ռուպիոյի Հետ Քննարկեց Տոհայի Վրայ Իսրայէլի Յարձակումն Ու Կազայի Դէմ Պատերազմը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ երէկ Իսրայէլէն մեկնեցաւ Քաթար: Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մաժետ Անսարի յայտնեց, թէ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանի Ռուպիոյի հետ քննարկած է երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւնը: Անսարի ըսաւ, որ շէյխ Թամիմ Ռուպիոյի հետ քննարկած է Տոհայի վրայ իսրայէլեան յարձակումն ու Կազայի դէմ պատերազմը` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներուն հետ Քաթարի յարաբերութիւնը...

Տոհայի Մէջ.  Արաբական-Իսլամական Վեհաժողովը Կոչ Ուղղեց  Վերատեսութեան Ենթարկելու Դիւանագիտական  Յարաբերութիւնները Իսրայէլի Հետ

Տոհայի Մէջ. Արաբական-Իսլամական Վեհաժողովը Կոչ Ուղղեց Վերատեսութեան Ենթարկելու Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները Իսրայէլի Հետ

Երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Տոհայի մէջ ընթացք առաւ Քաթարի վրայ իսրայէլեան յարձակումին հակադարձութիւնը քննարկելու համար արաբական-իսլամական արտակարգ ժողովը: Մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները կիրակի օր նախապատրաստական ժողով մը գումարած էին` քննարկելու համար վեհաժողովէն բխելիք հաղորդագրութիւնը: Քաթարի իշխան Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանի նիստի բացումին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Իսրայէլի յարձակումը դաւադիր ու երկչոտ է»: «Եթէ Համասի քաղաքական ղեկավարութիւնը...

Ռուպիօ. «ՄԱԿ»-ի Մէջ Պաղեստինի Պետութեան  Ճանաչման Քայլերը Մեզ Լուծումին Չեն  Մօտեցներ Եւ Համասի Դիրքորոշումը Կ՛ամրապնդեն»

Ռուպիօ. «ՄԱԿ»-ի Մէջ Պաղեստինի Պետութեան Ճանաչման Քայլերը Մեզ Լուծումին Չեն Մօտեցներ Եւ Համասի Դիրքորոշումը Կ՛ամրապնդեն»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ  Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, թէ Իսրայէլ յանձնառու է «բոլոր գերիները վերադարձնելու եւ Համասը պարտութեան մատնելու»: «Կազան պէտք է ապազինել», նշեց ան: «Նախընտրելի է ունենալ Համասի անձնատուութիւնը երաշխաւորող գործարք մը», աւելցուց Նեթանիահու: Նեթանիահու յայտարարեց. «Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը միակողմանի քայլ է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ մեր կողմէ միակողմանի քայլեր պիտի...

Թրամփ. «Քաթարը Միացեալ Նահանգներու  Կարեւոր Ու Հոյակապ Դաշնակից Է»

Թրամփ. «Քաթարը Միացեալ Նահանգներու Կարեւոր Ու Հոյակապ Դաշնակից Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ գովաբանեց իր երկրին Քաթարի հետ ունեցած յարաբերութիւնները եւ Քաթարի իշխանը նկատեց «հոյակապ անձ մը»: Թրամփ նշեց, որ Տոհան «Միացեալ Նահանգներու կարեւոր եւ հոյակապ դաշնակից է»: Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ յայտնեց, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին շեշտած է, թէ «ուրիշներու վրայ յարձակում գործելու ընթացքին պէտք է զգուշ ըլլանք»: Նշենք, որ Թրամփ ուրբաթ օր Նիւ Եորքի մէջ...

Փեսքով. «ՕԹԱՆ-ը Տէ Ֆաքթօ  Կը Պատերազմի Ռուսիոյ Դէմ»

Փեսքով. «ՕԹԱՆ-ը Տէ Ֆաքթօ Կը Պատերազմի Ռուսիոյ Դէմ»

Հիւսիսատլանտեան դաշինքը տէ ֆաքթօ ներգրաւուած է Ռուսիոյ դէմ պատերազմին մէջ: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով` մեկնաբանելով Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Ռատոսլաւ Սիքորսքիի խօսքերը, թէ ՕԹԱՆ-ը Ռուսիոյ դէմ չի պատերազմիր: «ՕԹԱՆ-ը Ռուսիոյ հետ պատերազմի մէջ է: Ասիկա ակնյայտ է եւ որեւէ լրացուցիչ ապացոյցի կարիք չունի», ըսած է Փեսքով: Անոր համաձայն, ՕԹԱՆ-ը տէ ֆաքթօ...

Այսօր ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քաթարի Վրայ Իսրայէլի  Յարձակումի Հարցով Արտակարգ Ժողով

Այսօր ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քաթարի Վրայ Իսրայէլի Յարձակումի Հարցով Արտակարգ Ժողով

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը յայտարարեց, որ այսօր Քաթարի վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումի հարցով քննարկումի արտակարգ նիստ մը պիտի գումարէ: Խորհուրդը աւելցուց, որ նիստը պիտի անդրադառնայ «9 սեպտեմբեր 2025-ին Քաթարի վրայ Իսրայէլի շղթայազերծած զինուորական վերջին յարձակումին»:

Թրամփ. «Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու  Եւ Ուքրանիոյ Վեհաժողովը Համեմատաբար  Շուտով Տեղի Պիտի Ունենայ»

Թրամփ. «Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու Եւ Ուքրանիոյ Վեհաժողովը Համեմատաբար Շուտով Տեղի Պիտի Ունենայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կարծիքով, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի միջեւ Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեամբ եռակողմ հանդիպումի ծիրին մէջ բանակցութիւնները պիտի կատարուին համեմատաբար շուտով: Ան այս մասին յայտարարած է լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին: «Չեմ գիտեր, համեմատաբար շուտով: Մենք այս հարցը պիտի լուծենք այս կամ այն կերպ, սակայն համեմատաբար շուտով», ըսած է Թրամփ` պատասխանելով այն հարցումին, թէ...

Ալպանիոյ Մէջ Աշխարհի Վրայ Առաջին Անգամ  Ըլլալով Արհեստական Բանականութեան Միջոցով  Ստեղծուած Նախարար Մը Նշանակուած Է

Ալպանիոյ Մէջ Աշխարհի Վրայ Առաջին Անգամ Ըլլալով Արհեստական Բանականութեան Միջոցով Ստեղծուած Նախարար Մը Նշանակուած Է

Ալպանիոյ մէջ արհեստական բանականութեան վրայ հիմնուած բնորդ պիտի օգտագործուի իբրեւ «Արհեստական բանականութեան նախարար»` «Տիելա» անունով, որ ալպաներէնի մէջ կը նշանակէ արեւ եւ կիներու տրուող անուն է: «Թելեկրաֆ»-ի համաձայն, աշխարհի մէջ առաջին արհեստական բանականութեան նախարարը պատասխանատու պիտի ըլլայ պետական գնումներու համար: Ալպանիոյ վարչապետ Էտի Ռամա յայտարարած է, որ Տիելան պիտի զբաղի պետական նուազուրդներով, որոնց ծիրին մէջ կառավարութիւնը պայմանագիրներ կը կնքէ սեփական...

Քաթար. «Երկուշաբթի Օր Տոհայի Մէջ  Արաբական-Իսլամական Արտակարգ Ժողով`  Քննարկելու Համար Քաթարի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը»

Քաթար. «Երկուշաբթի Օր Տոհայի Մէջ Արաբական-Իսլամական Արտակարգ Ժողով` Քննարկելու Համար Քաթարի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը»

Քաթարի վարչապետի խորհրդական եւ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր դոկտ. Մաժետ Պըն Մոհամետ Անսարի շաբաթ օր յայտարարեց, թէ Տոհան «յաջորդ օր` երկուշաբթի օր կը հիւրընկալէ արաբական-իսլամական արտակարգ վեհաժողովը, որ կը գումարուի շրջանին մէջ վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ»: Անսարի Քաթարի պետական ՔԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Վեհաժողովը պիտի քննարկէ Քաթարի դէմ իսրայէլեան յարձակումին վերաբերեալ հաղորդագրութեան նախագիծ մը, որ ներկայացուած է արաբ եւ իսլամական...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Որդեգրեց  Պաղեստինեանեւիսրայէլեան Հարցի  Կարգաւորման Բանաձեւը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Որդեգրեց Պաղեստինեանեւիսրայէլեան Հարցի Կարգաւորման Բանաձեւը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը ուրբաթ գիշեր որդեգրեց այսպէս կոչուած «Նիւ Եորքի հռչակագիր»-ի աջակցութեան բանաձեւը, որ Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ նախաձեռնութեամբ մշակուած յայտարարութիւն է: Անիկա կը ներկայացնէ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղ կարգաւորման սկզբունքները` հիմնուած անկախ պաղեստինեան պետութեան ստեղծման վրայ: Փաստաթուղթին թեր քուէարկած է 142 երկիր, դէմ` 10 երկիր: Հայաստան թեր քուէարկած է: Թեր քուէարկած են նաեւ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան: Վրաստանն ու Իրանը...

Քաթարի Վեհաժողովի Նախօրեակին  Զգուշացնելով Իսամալական  Կառավարութիւնները`  Լարիժանի. «Առնուազն Ձեր Ոչնչացումէն  Խուսափելու Համար Համեստ Որոշում Տուէք»

Քաթարի Վեհաժողովի Նախօրեակին Զգուշացնելով Իսամալական Կառավարութիւնները` Լարիժանի. «Առնուազն Ձեր Ոչնչացումէն Խուսափելու Համար Համեստ Որոշում Տուէք»

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի Քաթարի մէջ այսօր գումարուելիք արաբական-իսլամական վեհաժողովի նախօրեակին զգուշացուց իսլամական կառավարութիւնները` նշելով. «Ապահովութեան խորհուրդի ժողովներուն մէջ տեղի ունեցածին նման Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան առանց գործնական արդիւնքի ճառերով լեցուն ընդհանուր ժողով գումարելը իրականութեան մէջ համազօր է սիոնական գոյացութեան յարձակում գործելու նոր հրաման հրապարակելուն»: «Առնուազն այդ գոյացութեան դէմ գործողութիւններու միացեալ գրասենեակ կազմեցէք, որովհետեւ միայն այդ որոշումը...

Ռումանիա Կը Դատապարտէ Ռուսական Անօդաչու  Թռչող Սարքի Մը Կողմէ  Իր Օդային Տարածքի Ոտնահարումը

Ռումանիա Կը Դատապարտէ Ռուսական Անօդաչու Թռչող Սարքի Մը Կողմէ Իր Օդային Տարածքի Ոտնահարումը

Ռումանիոյ իշխանութիւնները բուռն կերպով դատապարտեցին ռուսական անօդաչու թռչող սարքի մը շաբաթ օր Ուքրանիոյ դէմ յարձակումի ընթացքին իրենց երկրի օդային տարածքը խախտելը: Ռումանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց. «ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւնը բուռն կերպով կը դատապարտէ Ռուսիոյ անպատասխանատու արարքները եւ զանոնք կը նկատէ Սեւ ծովու շրջանին մէջ շրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան նոր մարտահրաւէր մը»` աւելցնելով. «Այս դէպքերը ցոյց կու տան, թէ Ռուսիան միջազգային օրէնքը...

«Հաարեց». «Թուրքիան Կրնայ Քաթարէն Ետք  Իսրայէլի Երկրորդ Թիրախը Ըլլալ»

«Հաարեց». «Թուրքիան Կրնայ Քաթարէն Ետք Իսրայէլի Երկրորդ Թիրախը Ըլլալ»

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը նշեց, թէ Իսրայէլ կրնայ Քաթարէն ետք նոր ճակատ բանալու եզրին ըլլալ: Օրաթերթը «Թուրքիան կրնայ Քաթարէն ետք Իսրայէլի յաջորդ թիրախը ըլլալ… հետեւանքնե՞րը» խորագիրով յօդուածին մէջ կը յայտնէ, թէ Իսրայէլի մէջ մտահոգութիւնը հետզհետէ կ՛աճի, որ Անգարայի հետ ճակատումը պիտի ըլլայ «աղէտ մը»` Տոհայի վրայ յարձակումին վտանգները գերազանցող: «Հաարեց» իրարու կը կապէ Քաթարի վրայ յարձակումն ու Շապաքի անցեալ շաբաթ Իսրայէլի...

«Նախիջեւանը «Թրքական Դարպասներ» Կը Կոչենք.  Անիկա Թրքական Աշխարհի  Ռազմավարական Կեդրոններէն Մէկն Է»  Կ՛ըսէ Զորլու

«Նախիջեւանը «Թրքական Դարպասներ» Կը Կոչենք. Անիկա Թրքական Աշխարհի Ռազմավարական Կեդրոններէն Մէկն Է» Կ՛ըսէ Զորլու

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ, թրքական պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու գլխաւոր վարչութեան ղեկավար Քուրշատ Զորլու պիտի այցելէ Նախիջեւան: Ան այս մասին յայտարարած է «Էքս» ընկերային ցանցի իր էջով: «Այսօր Նախիջեւան-Իգդիր գիծի մեր առաջին կանգառը պիտի ըլլայ Նախիջեւանի` թրքական աշխարհի ռազմավարական կեդրոններէն մէկուն մէջ, զոր մենք կը կոչենք «Թրքական դարպասներ»: Խաղաղութիւնն ու բարեկեցութիւնը, որոնք Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ եղբայրութիւնը պիտի ստեղծեն...

Քրեմլին. «ՀԱՊԿ»-ի Անդամակցութեան  Շարունակութիւնը Հայաստանի Շահերէն Կը Բխի»

Քրեմլին. «Ռուս-Ուքրանական Բանակցութիւնները Դադրած Են»

Ռուս-ուքրանական բանակցութիւնները դադրած են: Այս մասին յայտարարած է Քրեմլինը` պնդելով, որ եւրոպական երկիրները կը խոչընդոտեն հոլովոյթը: «Ռուսական կողմը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ խաղաղ երկխօսութեան: Սակայն փաստ է, որ եւրոպացիները զայն կը խոչընդոտեն», ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքովը` առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու: Մեկնաբանելով արեւմտեան երկիրներուն ռուս-պիելոռուսական «Զափատ 2025» ռազմափորձերուն արեւմտեան երկիրներուն հակազդեցութիւնը, ներառեալ Պեիլոռուսիոյ հետ սահմանը փակելու Լեհաստանի որոշումը`...

Ռուպիօ Այսօր Իսրայէլ Եւ Բրիտանիա Պիտի Այցելէ

Ռուպիօ Այսօր Իսրայէլ Եւ Բրիտանիա Պիտի Այցելէ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն շաբաթ օրուընէ սկսեալ Իսրայէլ եւ Բրիտանիա պիտի այցելէ: «Ան պիտի վերահաստատէ Իսրայէլի անվտանգութեան եւ Համասը Կազայի իշխանութենէն զերծ պահելու երաշխաւորման նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը», նշեց նախարարութիւնը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պիկըթ ըսաւ. «Ռուպիօ իսրայէլացի ղեկավարներուն հետ պիտի քննարկէ Իսրայէլի դէմ ուղղուած քայլերը, ներառեալ` պաղեստինեան պետութեան...

«Ամերիկեան Սպառնալիքները Մեր  Ժողովրդավարութիւնը Պիտի Չսարսափեցնեն»  Կ՛ըսէ Պրազիլ

«Ամերիկեան Սպառնալիքները Մեր Ժողովրդավարութիւնը Պիտի Չսարսափեցնեն» Կ՛ըսէ Պրազիլ

Պրազիլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի «սպառնալիքները մեր ժողովրդավարութիւնը պիտի չսարսափեցնեն»: Նախարարութիւնը ընդգծեց, որ կառավարութիւնը պիտի պաշտպանէ երկրին գերիշխանութիւնը որեւէ «յարձակումի եւ միջամտելու փորձերու դէմ»: Ռուպիօ բուռն կերպով քննադատեց Պրազիլի գերագոյն դատարանի վճիռը` երկրի նախկին նախագահ Ժայիր Պոլսոնարոյի դէմ յեղաշրջում ծրագրած ըլլալու ամբաստանութեամբ` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներ «պատշաճ կերպով պիտի հակադարձեն այս հալածանքի...

Page 66 of 882 1 … 65 66 67 … 882

Արխիւներ