Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ մտադիր է յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին խօսիլ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
«Շատ շուտով: Յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին», լրագրողներուն ըսած է Թրամփ` պատասխանելով անոնց այն հարցումին, թէ արդեօք կը ծրագրէ՞ Ռուսիոյ նախագահին հետ խօսիլ:
Անոր համաձայն, արդէն այս շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ կը նախատեսուի եւրոպացի ղեկավարներու այցելութիւնը:
Թրամփ աւելի ուշ յայտարարած է, թէ պատրաստ է անցնելու Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու «երկրորդ փուլին»:
Ան այս մասին յայտարարած է, երբ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմի ընթացքին աննախադէպ տարողութեամբ միօրեայ յարձակում կատարուեցաւ ռուսական անօդաչու թռչող սարքերու եւ թեւաւոր հրթիռներու կիրարկումով: Յարձակումին պատճառով Քիեւի մէջ վնասուեցաւ կառավարութեան շէնքը:
Թրամփ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին քանի մը անգամ ընդգծած է, որ կացութենէն «դժգոհ է», սակայն որոշումները պիտի տրուին մօտիկ ապագային:
Ան նշած է, թէ եւրոպացի ղեկավարները Ուաշինկթըն պիտի այցելեն երկուշաբթի կամ երեքշաբթի օր, իսկ ինք յառաջիկայ օրերուն կը պատրաստուի զրուցել Փութինի հետ: