ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր քարտուղարի` Հարաւային Կովկասի երկիրներու հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայ 10 հոկտեմբերին պիտի այցելէ Վրաստան: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այս մասին յայտնած է Վրաստանի պետական պատկերասփիւռի կայանի առաջին ալիքը:
Ափաթուրայ պիտի մասնակցի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերուն նուիրուած խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Պաթումի մէջ:
Կը նախատեսուի նաեւ, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչը հանդիպումներ ունենայ Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլիի, նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի եւ Վրաստանի կառավարութեան այլ ներկայացուցիչներու հետ:



