Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամերիկեան Բանակը ՏԱՀԵՇ-ին Համազօր Պիտի Նկատենք, Եթէ Մեզ Իբրեւ Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Ճանչնան» Ըսաւ Զօր. Ժաաֆարի

October 9, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի սպայակոյտի պետ զօր. Մոհամետ Ալի Ժաաֆարի յայտարարեց, որ Իրան Միացեալ Նահանգներու բանակին հետ պիտի վարուի, ինչպէս կը վարուի ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն հետ, եթէ Ուաշինկթըն ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին մէջ ընդգրկէ իր կառոյցը, ինչպէս նաեւ նշեց, որ շրջանին մէջ ամերիկեան զինուորական ուժերը պիտի վտանգուին»: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Փրես Թի.Վի.»-ն:

Զօր. Ժաաֆարի երէկ այս յայտարարութիւնը կատարեց` մեկնաբանելով այն լուրը, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը պատրաստուի Իրանի դէմ յայտարարել նոր պատժամիջոցներ, ներառեալ լրացուցիչ թիրախային պատժամիջոցներ, ինչպէս նաեւ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ընդգրկումը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին մէջ:

Ուրբաթ օր Սպիտակ տունը յայտարարած էր, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ պիտի յայտարարէ Իրանի հրթիռային փորձարկումներուն, «ահաբեկչութեան» աջակցութեան եւ համացանցային գործողութիւններուն դէմ ամերիկեան նոր միջոցառումներու մասին:

«Ինչպէս մենք յայտարարած ենք նախապէս, պատժամիջոցներու մասին Միացեալ Նահանգներու նոր օրէնքի գործադրման պարագային Միացեալ Նահանգներ ստիպուած պիտի ըլլան հեռացնել իրենց շրջանային ռազմակայանները իրանեան հրթիռներու 2000 քիլոմեթր հասողութենէն», ըսած է զօր. Ժաաֆարի:

Ան աւելցուցած է նաեւ, որ նոր պատժամիջոցները վերջ պիտի տան Միացեալ Նահանգներու հետ ապագայ երկխօսութեան կարելիութիւններուն:

«Պատժամիջոցներու միջոցով Միացեալ Նահանգներու հակառակորդներուն հակազդելու մասին օրէնքի կեանքի կոչումը համազօր է իրանեան հիւլէական ծրագիրին հարցով համաձայնագիրէն Միացեալ Նահանգներու միակողմանի դուրս գալուն», յայտարարած է Ալի Ժաաֆարի:

Նախորդը

«Քաթալոնիոյ Անկախութեան Յայտարարութիւնը Որեւէ Ազդեցութիւն Պիտի Չունենայ» Կ՛ըսէ Սպանիոյ Վարչապետը

Յաջորդը

Սուրիական Բանակն Ու Դաշնակիցները Մայատին Քաղաքին Մէջ Շրջափակեցին ՏԱՀԵՇ-ը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.