Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Թուրքիա Կը Գործադրէ Իտլիպի Շուրջ Ռուսիոյ Եւ Իրանի Հետ Գոյացուցած Համաձայնութիւնը»

October 9, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իր երկիրը կը գործադրէ Իտլիպի շուրջ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ գոյացած համաձայնութիւնը:

«Եթէ միջոցառումներ չորդեգրենք, ռումբերը մեր քաղաքներուն մէջ պիտի իյնան», նշեց ան:

Էրտողան աւելցուց, որ Անգարա Իտլիպի գործողութիւնը երէկ սկսած է Սուրիական ազատ բանակին հետ` շեշտելով, որ ատիկա պիտի շարունակուի, մինչեւ որ Իտլիպը միանայ լարուածութեան մեղմացման գօտիներուն:

«Իտլիպի մէջ միլիոններ վտանգուած են, ուստի մեր պարտականութիւնն է զանոնք պաշտպանել Ասթանայի համաձայնութեան հիմամբ», յայտնեց Էրտողան:

Նշենք, որ երէկ առաւօտեան շարք մը աղբիւրներ հաղորդեցին Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ թրքական բանակի եւ Ժապհաթ Նուսրայի միջեւ բախումներու մասին: Աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ թրքական զինուորական մեքենաներ մուտք գործած են Իտլիպ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին յայտարարեց. «Մեր նպատակն է անվտանգութեան գօտիին մէջ բախումներու ամբողջական բացառումն ու սուրիական հիմնախնդիրի լուծման ուղղուած քաղաքական հոլովոյթի դիւրացումը»:

Ան նաեւ շեշտեց, որ նախագահ Էրտողանի կողմէ շաբաթ երեկոյեան թրքական զինեալ ուժերու Իտլիպ մուտք գործելու մասին պաշտօնապէս կատարուած յայտարարութենէն ետք, ինք Իտլիպի հարցով յատուկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հետ:

Իր կարգին, Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարեց, որ Անգարա Իտլիպի մէջ իր գործողութիւնները կը համակարգէ Մոսկուայի հետ, եւ անոնց նպատակը անվտանգութեան ապահովումն է:

«Մենք Իտլիպի մէջ անվտանգութիւն պիտի հաստատենք», ըսաւ Եըլտըրըմ:

Նախորդը

Սուրիական Բանակն Ու Դաշնակիցները Մայատին Քաղաքին Մէջ Շրջափակեցին ՏԱՀԵՇ-ը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.