Փաստաթուղթեր կը նախապատրաստուին ՎՈՒԱՄ-ի ծիրին մէջ ազատ տնտեսական գօտի ստեղծելու վերաբերեալ: Այս մասին յայտարարած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Միխէիլ Ճանալիծէն` Թիֆլիսի մէջ խօսք արտասանելով ՎՈՒԱՄ-ի անդամ երկիրներու` Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Ազրպէյճանի եւ Մոլտովայի արտաքին գործոց նախարարներու նիստին ընթացքին:
«Մինչեւ տարեվերջ որոշակի տեղաշարժեր կ՛ակնկալուին այդ ուղղութեամբ», ըսած է Ճանելիծէ: Ան նաեւ արծարծած է ՎՈՒԱՄ-ի տարածքին տագնապներու լուծման հարցը: «ՎՈՒԱՄ-ի մասնակից երկիրներու տարածքին չլուծուած տագնապները պէտք է լուծուին միջազգային իրաւունքի արժեչափերուն եւ տարածքային ամբողջականութեան հիման վրայ», ըսած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարը:
Անոր համաձայն, այդ տագնապները ՎՈՒԱՄ-ի երկիրներու հիմնական խնդիրներն են եւ սպառնալիք կը ներկայացնեն շրջանի անվտանգութեան: Նախապէս ՎՈՒԱՄ-ի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ընդունուած են Վրաստանի վարչապետին եւ նախագահին կողմէ:



