Ռուս-ուքրանական բանակցութիւնները դադրած են: Այս մասին յայտարարած է Քրեմլինը` պնդելով, որ եւրոպական երկիրները կը խոչընդոտեն հոլովոյթը:
«Ռուսական կողմը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ խաղաղ երկխօսութեան: Սակայն փաստ է, որ եւրոպացիները զայն կը խոչընդոտեն», ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքովը` առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու:
Մեկնաբանելով արեւմտեան երկիրներուն ռուս-պիելոռուսական «Զափատ 2025» ռազմափորձերուն արեւմտեան երկիրներուն հակազդեցութիւնը, ներառեալ Պեիլոռուսիոյ հետ սահմանը փակելու Լեհաստանի որոշումը` ան ընդգծած է. «Ես կ՛ուզեմ յիշեցնել մեր նախագահին խօսքերը: Ռուսիան երբեւէ ոչ ոքի սպառնացած է: Ան չի սպառնար նաեւ Եւրոպայի երկիրներուն:
«Ռուսիան չէ, որ իր զինուորական ենթակառոյցներով կը շարժէր դէպի Եւրոպա: Ինքնին Եւրոպան, ըլլալով ՕԹԱՆ-ի կազմին մէջ, որ ճակատումի գործիք է, եւ ոչ թէ` խաղաղութեան ու կայունութեան, միշտ շարժած է դէպի մեր սահմանները»:


