Ռումանիոյ իշխանութիւնները բուռն կերպով դատապարտեցին ռուսական անօդաչու թռչող սարքի մը շաբաթ օր Ուքրանիոյ դէմ յարձակումի ընթացքին իրենց երկրի օդային տարածքը խախտելը:
Ռումանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց. «ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւնը բուռն կերպով կը դատապարտէ Ռուսիոյ անպատասխանատու արարքները եւ զանոնք կը նկատէ Սեւ ծովու շրջանին մէջ շրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան նոր մարտահրաւէր մը»` աւելցնելով. «Այս դէպքերը ցոյց կու տան, թէ Ռուսիան միջազգային օրէնքը չի յարգեր»:


