Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն շաբաթ օրուընէ սկսեալ Իսրայէլ եւ Բրիտանիա պիտի այցելէ:
«Ան պիտի վերահաստատէ Իսրայէլի անվտանգութեան եւ Համասը Կազայի իշխանութենէն զերծ պահելու երաշխաւորման նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը», նշեց նախարարութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պիկըթ ըսաւ. «Ռուպիօ իսրայէլացի ղեկավարներուն հետ պիտի քննարկէ Իսրայէլի դէմ ուղղուած քայլերը, ներառեալ` պաղեստինեան պետութեան միակողմանի ճանաչումը, որ Համասի ահաբեկչութիւնը կը վարձատրէ»: