Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, թէ Իսրայէլ յանձնառու է «բոլոր գերիները վերադարձնելու եւ Համասը պարտութեան մատնելու»:
«Կազան պէտք է ապազինել», նշեց ան:
«Նախընտրելի է ունենալ Համասի անձնատուութիւնը երաշխաւորող գործարք մը», աւելցուց Նեթանիահու:
Նեթանիահու յայտարարեց. «Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը միակողմանի քայլ է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ մեր կողմէ միակողմանի քայլեր պիտի ըլլան»:
Ռուպիօ իր կարգին յայտնեց. «Կազայի բնակիչները աւելի լաւ ապագայի արժանի են»:
«Համաս շարժումը չի կրնար զինեալ գործունէութիւնը, խաղաղութեան ու կայունութեան սպառնալը շարունակել», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
«ՄԱԿ-ի մէջ Պաղեստինի պետութեան ճանաչման քայլերը մեզ լուծումին չեն մօտեցներ եւ Համասի դիրքորոշումը կ՛ամրապնդեն», յայտնեց Ռուպիօ:
«Ներկայիս կը կեդրոնանանք Կազայի գործարքի կնքման մէջ Քաթարի դերակատարութեան վրայ», ըսաւ ան` Համասէն պահանջելով ազատ արձակել գերիները եւ զէնքը յանձնել: Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը փափաքի բոլոր գերիները ազատ արձակել:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Համասը ամբաստանեց «Կազայի բնակիչները իբրեւ կենդանի վահան օգտագործելու մէջ»` շարժումը որակելով «Իսրայէլը ոչնչացնելու նպատակ ունեցող ահաբեկչական խմբաւորում մը»:
«Պէտք է ոչնչացնել հրէշները, որոնք 7 հոկտեմբերի յարձակումը գործադրեցին», ըսաւ ան:
Նեթանիահու յայտարարեց. «Քաթարի մէջ Համասի ղեկավարներուն վրայ յարձակումը իսրայէլեան որոշում էր»:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը Իսրայէլ ուղղուելէ առաջ անդրադառնալով Տոհայի վրայ իսրայէլեան յարձակումին յայտնեց. «Եղածը եղաւ: Յստակ է, որ ուրախ չենք, եւ նախագահը տեղի ունեցածէն ուրախ չէր: Ատիկա իսրայէլացիներուն հետ մեր յարաբերութիւններու բնոյթէն ոչինչ պիտի փոխէ, սակայն պէտք է զայն քննարկենք (…) մասնաւորաբար, թէ ի՛նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ջանքերուն վրայ»:
«Մենք կարիքը ունինք յառաջ ընթանալու եւ գիտնալու, թէ ատկէ ետք ի՛նչ պիտի ըլլայ, որովհետեւ ի վերջոյ, երբ ամէն ինչ ըսուի եւ կատարուի, գոյութիւն ունի Համաս կոչուող խմբաւորում մը, որ տակաւին գոյութիւն ունի»:
Ռուպիօ նաեւ «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Կ՛ուղղուիմ Երուսաղէմ: Առաջնահերթութիւնս պիտի ըլլայ պատանդներու վերադարձը ապահովելը, խաղաղ բնակիչներուն մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու ուղիներ գտնելը եւ Համասի կողմէ ներկայացուող սպառնալիքի վերացումը: Այս կազմակերպութիւնը չի կրնար շարունակել գոյութիւն ունենալ, եթէ նպատակը շրջանին մէջ խաղաղութիւնն է»: