Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ գովաբանեց իր երկրին Քաթարի հետ ունեցած յարաբերութիւնները եւ Քաթարի իշխանը նկատեց «հոյակապ անձ մը»:
Թրամփ նշեց, որ Տոհան «Միացեալ Նահանգներու կարեւոր եւ հոյակապ դաշնակից է»:
Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ յայտնեց, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին շեշտած է, թէ «ուրիշներու վրայ յարձակում գործելու ընթացքին պէտք է զգուշ ըլլանք»:
Նշենք, որ Թրամփ ուրբաթ օր Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած էր Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանիի հետ, որ նախքան այդ հանդիպում ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանսի եւ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ:
«ՆիուզՆէյշըն» պատկերասփիւռի կայանը, վկայակոչելով լաւատեղեակ աղբիւր մը, հաղորդեց, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Տոհայի վրայ իսրայէլեան յարձակումէն ետք շրջանին մէջ իբրեւ միջնորդ Քաթարի դերակատարութիւնն ու պաշտպանական ոլորտի գործակցութիւնը:
Ըստ աղբիւրին, «ժողովը տեւեց երկու ժամ, անոր ընթացքին քննարկուեցան շարք մը թղթածրարներ, եւ շատ դրական էր»: Հանդիպումին ներկայ գտնուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ:
Ուաշինկթընի մէջ Քաթարի դեսպանի տեղակալ Համատ Ֆաթթահ իր կարգին յայտնած է. «Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ հոյակապ ընթրիք մը տակաւին նոր վերջացաւ»: