Մինչ Քաթալոնիան Անկախութիւն Հռչակեց, Մատրիտ Ուղղակի Իշխանութիւն Հաստատեց Ինքնավար Մարզին Վրայ
Քաթալոնիոյ խորհրդարանին կողմէ Սպանիայէն անկախութեան հռչակումէն ժամեր ետք, Սպանիոյ ծերակոյտը Քաթալոնիոյ ինքնավար մարզին վրայ ուղղակի իշխանութեան հաստատումը եւ տեղական ղեկավարներու պաշտօնէ արձակումը յայտարարեց: Որոշումը որդեգրուեցաւ 214 թեր եւ 47 դէմ քուէներով: Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյ յայտարարեց. «Սպանիան լուրջ երկիր է, մեծ պետութիւն է, եւ մենք պատրաստ չենք կարգ մը մարդոց արտօնելու լուծարել մեր սահմանադրութիւնը»: 135 աթոռներէ բաղկացած Քաթալոնիոյ խորհրդարանը երէկ...




















