ՕԹԱՆ-ի զինուորական յանձնախումբի նախագահ զօր. Փիթըր Փաւել թրքական իշխանութիւնները զգուշացուց ռուսական «Էս-400» հակաօդային համակարգեր գնելու իր որոշումին «հաւանական հետեւանքներէն»` նշելով. «Ռուսիայէն այդ հրթիռները գնելը Անգարան պիտի զրկէ դաշինքի հակաօդային պաշտպանութեան միացեալ համակարգին հետ համարկուելու կարելիութենէն»:
«Զինուորական սարքերու գնման ընթացքին գերիշխանութեան սկզբունքը ի զօրու է անշուշտ, սակայն նաեւ ի զօրու է այդպիսի որոշումներէն բխող հետեւանքներու դիմակայման պարագային», ընդգծեց ան` նշելով. «Էս-400»-ները նոյնիսկ եթէ Թուրքիոյ մէջ մնան անջատ համակարգ մը, ՕԹԱՆ-ի միացեալ համակարգին հետ չհամակարգուած, անոնք խնդիրներ պիտի ստեղծեն դաշնակիցներու սպառազինութեան համար, որոնք կը նախատեսուին տեղակայուիլ այդ երկրին մէջ»:
«ՕԹԱՆ-ի մէջ Թուրքիոյ դաշնակիցներուն համար տրամաբանական պիտի ըլլայ այս մտահոգիչ հարցը իր բոլոր կողմերով քննարկել` նախքան գործարքի վերջնական փուլին գործադրութիւնը», ըսաւ բարձրաստիճան պաշտօնատարը: