Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի ֆրանսական «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց. «Ազատ ընտրութիւններու ճամբով իր ապագան ընտրելու պատասխանատուն սուրիացի ժողովուրդն է»:
Խօսելով քաթարեան ճգնաժամին մասին` Եգիպտոսի նախագահը ըսաւ. «Քաթարէն մեր պահանջներէն մէկը ուրիշներու հարցերուն միջամտութիւնը դադրեցնելն է»:
Ինչ կը վերաբերի Եգիպտոսի ներքին հարցերուն, Սիսի ակնարկելով անցեալ շաբաթ արձանագրուած Ուահաթի դէպքին, նշեց, որ շատ դժուար է անապատի ամբողջ սահմանին անվտանգութիւնը ապահովել` աւելցնելով. «Կարգ մը երկիրներ ահաբեկչութիւնը կը ֆինանսաւորեն, զինեալներուն կ՛աջակցին ու զանոնք կը մարզեն»:
«Մարդկային իրաւանց վերաբերեալ ամբաստանութիւններու հարցով գոյութիւն ունի Եգիպտոսի դէմ կանոնաւոր արշաւ մը», յայտնեց ան` ընդգծելով, որ ինք 100 միլիոն եգիպտացիներու անվտանգութեան պատասխանատուն է:
«Բանակի եւ ոստիկանութեան նահատակներու ընտանիքներուն մարդկային իրաւունքները ո՞ւր են», հարց տուաւ Եգիպտոսի նախագահը` վստահեցնելով, որ իր երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալ գոյութիւն չունի, իսկ Իսլամ եղբայրներուն ձերբակալուած անդամները կ՛ենթարկուին եգիպտական օրէնքներուն համահունչ արդար դատավարութեան:
Խօսելով պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին մասին` Սիսի յայտնեց. «Միջպաղեստինեան համաձայնութեան նպատակը խաղաղութիւնն է, եւ պէտք է հաստատել իսրայէլեան եւ պաղեստինեան երկու անջատ պետութիւններ, որոնք խաղաղութեամբ կը գոյակցին»:


