Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեզի Եւ Բոլոր Երկիրներուն Համար Կարեւորագոյնը Հըզպալլա Կոչուած Ախտը Դիմակայելն Է» Կ՛ըսէ Մաքմասթըր

October 27, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան խորհրդատու զօր. Հըրպըրթ Մաքմասթըր յայտնեց, թէ «կը կարծեմ, որ Միացեալ Նահանգներն ու Հըզպալլան դէպի դիմակայում կ՛ուղղուին»` աւելցնելով, որ ամէնէն վտանգաւոր քայլը Հըզպալլան ու Ասատին աջակցող իրանցիները չդիմակայելն է:

«Ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլ նաեւ բոլոր երկիրներուն համար կարեւորագոյն հարցը դիմակայելն է ախտը Հըզպալլայի, իրանցիներուն եւ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին, որոնք կ՛աջակցին Հըզպալլայի գործողութիւններուն», «Հուրրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Մաքմասթըր:

Ան Իրանը ամբաստանեց Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի կառավարութեան ու Սուլէյմանիէի մէջ Քրտական ազգային միութիւն կուսակցութեան շարքերուն մէջ պառակտում յառաջացնելու եւ պառակտումը իր շահերը ամրապնդելու մէջ օգտագործելու յանցանքով: «Իրան քրտական հանրաքուէին յաջորդած դէպքերուն մէջ դերակատարութիւն ունեցաւ», շեշտեց ան:

«Միացեալ Նահանգներ շատ յանձնառու են միացեալ եւ ուժեղ Իրաքի մը նկատմամբ: Մենք յանձնառու ենք նաեւ միացեալ Իրաքի մը մէջ ուժեղ քրտական մարզի մը նկատմամբ», ընդգծեց ան` աւելցնելով. «Մտահոգ ենք բռնարարքին նկատմամբ, որ կրնայ շարունակուիլ եւ կրնայ անցնող ամիսներուն ընթացքին ՏԱՀԵՇ խմբաւորման դէմ մեր արձանագրած բոլոր ձեռքբերումները վտանգել»:

Մաքմասթըր նաեւ ըսաւ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ չի կրնար Սուրիոյ ապագային մէջ դեր ստանձնել, «մանաւանդ որ անոր ձեռքերը արիւնով ներկուած են»: «Ասատ երկրին վրայ ամէնէն ահաւոր կարգ մը զէնքերը օգտագործեց իր ժողովուրդին դէմ հաւաքական սպանդներ գործելու համար», նշեց ան:

Նախորդը

«Եմէնի Պատերազմը Պիտի Շարունակուի` Արգելք Հանդիսանալու Համար Հուսիներու Շարժումի Այլ Հըզպալլայի Մը Վերածուելուն» Կ՛ըսէ Պըն Սալման

Յաջորդը

Ներկայացուցիչներու Տունը Իրանի Եւ Հըզպալլայի Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Որդեգրեց

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.