Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Համաձայնագիրը Պիտի Ստորագրուի» Կ՛ըսէ Հան

October 28, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով յանձնակատար Եոհաննես Հան Թալինի մէջ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան քաղաքացիական հասարակութեան ֆորումի ժամանակ, պատասխանելով քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հարցումներուն յայտարարած է, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրը անկասկած պիտի ստորագրուի նոյեմբերին Պրիւքսելի մէջ կայանալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի ժամանակ:

«Սկիզբէն յստակացնելու համար` Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ այս համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի: Այդ հարցին վերաբերեալ կասկած չկայ: Եւ կը կարծեմ` ատիկա անկասկած տեղի պիտի ունենայ վեհաժողովի ծիրին մէջ: Այդ հարցին շուրջ ոչ մէկ կասկած կայ», ըսած է Եւրոպական Միութեան յանձնակատարը:

Ան աւելցուցած է, որ Հայաստանի դրացիներէն ստացած ազդանշանները կը վկայեն, որ անոնք խնդիր չունին ստորագրման հետ: Ըստ անոր, ատոր պատճառը այն է, որ առաջին անգամ ըլլալով կարեւոր է նշել, որ համաձայնագիր կը ստորագրուի երկրի մը հետ, որ Եւրասիական Միութեան անդամ է:

«Ատիկա ցոյց կու տայ, որ կարելի է ըլլալ Եւրասիական Միութեան անդամ եւ նոյն ժամանակ ունենալ հեռուն տանող համաձայնագիր Եւրոպական Միութեան հետ: Ատիկա յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ համակեցութիւնը կարելի է` ի նպաստ տուեալ պարագային Հայաստանի ժողովուրդին: Եւ ես կը կարծեմ, որ ասիկա կրնայ նաեւ հիմք ծառայել միւսներուն համար նոյնպէս», ըսած է Եոհաննես Հան:

Խօսելով Հայաստանի պիւտճէին տրամադրուող ելեւմտական աջակցութեան մասին` ան նշած է, որ պիւտճէական աջակցութիւնը հասկացողութիւնը որոշ առումով մոլորեցնող է, որովհետեւ տպաւորութիւն կը ստեղծէ, թէ Եւրոպական Միութիւնը առանց պայմաններու որոշակի միջոցներ կը տրամադրէ տուեալ երկրին: Ատիկա այդպէս երբեք չէ եղած:

«Բայց երբեմն կան նախագիծեր, որոնք կրնան իրականացուիլ միայն պետութեան եւ կառավարութեան միջոցով, միայն պետական պիւտճէով, եւ այդ պատճառով մենք որոշակի գումար կը տրամադրենք որոշակի նախագիծերու համար, որոնք ունին պայմաններ եւ որոնք պէտք է իրականացուին», ըսած է Եւրոպական Միութեան յանձնակատարը:

Ան նշած է, որ բաւական լաւ ծանօթ է Հայաստանի իրավիճակին եւ ընդգծած է ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու հարցին մէջ արձանագրուած յառաջընթացը:

«Ես կը հասկնամ, որ ոչ բոլորը գոհ են վերջնական արդիւնքէն, սակայն, կը կարծեմ, բոլորը ընդունած են, որ կան որոշակի բարելաւումներ: Եւ ատիկա նաեւ տեղի ունեցած է որոշակի ֆինանսական խթաններու շնորհիւ», ըսած է Հան:

 

Նախորդը

Ամերիկացի 14 Ծերակուտականներ Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Քննադատող Նամակ Յղած Են Թրամփին

Յաջորդը

ՕԹԱՆ-ի Պաշտօնատար Մը Թուրքիան Կը Զգուշացնէ «Էս-400»-ի Գնման Հետեւանքներէն

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.