Իրանեան իշխանութիւնները երէկ վերաբացին Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին հետ Պաշմախ սահմանային անցքը, որ 15 օրէ ի վեր փակուած էր: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին»:
Քրտական մարզի մաքսային բաժանմունքի տնօրէն Սամալ Ապտել Ռահման յայտնեց. «Իրան վերաբացաւ Պաշմախ սահմանային անցքը»:
Միւս կողմէ, մարզի Սուլէյմանիէ քաղաքի առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի գրասենեակի նախագահ Սիրուան Մոհամետ իր կարգին յայտարարած էր. «Քիւրտիստանի մարզի եւ Իրանի միջեւ առեւտրական եռուզեռը վաղը` չորեքշաբթի օր պիտի վերսկսի Պաշմախ անցքին ճամբով, եւ կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ օրերուն այլ անցքերուն վրայ եւս առեւտրական եռուզեռը սկսի»: «Անցքը բաց պիտի ըլլայ բոլոր ապրանքներուն դիմաց», նշեց ան:
Մոհամետ յայտնեց, որ անցնող օրերու ընթացքին անցքերու փակումը նկատառելի կերպով ազդած է Քրտական մարզի եւ Իրաքի մէջ առեւտրական շրջանառութեան վրայ:
Յիշեցնենք, որ Իրան Քրտական մարզին հետ իր սահմանային անցքերը փակած էր 25 սեպտեմբերին մարզին մէջ տեղի ունեցած անկախութեան հանրաքուէէն ետք: