Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը մտադիր է հիւլէական զէնքի բնագաւառին մէջ վարել նոր քաղաքականութիւն մը, որուն նպատակը յետ պաղպատերազմեան զինաթափման դարաշրջանին վերջ տալն է, Միացեալ Նահանգներու հիւլէական զինանոցին հզօրացումն ու զայն կիրարկելու կարելիութիւն տուող պայմաններու թուլացումը:
Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ «Հիւլէական կացութեան վերատեսութեան» մասին փաստաթուղթը ներկայացուած է սեպտեմբերին` Սպիտակ տան մէջ Թրամփի եւ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականներու միջեւ հանդիպումին ընթացքին: Քոնկրեսն ու դաշնակից պետութիւնները եւս տեղեակ պահուած են փաստաթուղթին մասին, որ կ՛առաջարկէ զինանոց վերադարձնել «Թոմահոք» տեսակի հիւլէական հրթիռները:
Օրաթերթը կը նկատէ, որ Թրամփ բազմիցս յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու հիւլէական զինանոցը զարգացնելու մտադրութեան մասին` ուզելով անոր չափը տասնապատկել:
Փոխնախագահ Մայք Փենս իր կարգին այս առնչութեամբ յայտարարած է. «Համաշխարհային խաղաղութեան ապահովման համար վճռորոշ դեր ունի Միացեալ Նահանգներու հիւլէական զինանոցը»:
Բրիտանական օրաթերթը կը նշէ, թէ Թրամփի նոր քաղաքականութիւնը կը հակասէ նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի հիւլէական զինաթափման ուղղուած քաղաքականութեան:
Այժմ Թրամփ, հաշուի առնելով Հիւսիսային Քորէայէն եկող հիւլէական սպառնալիքն ու Ռուսիոյ հետ վատթարացող յարաբերութիւնները, կ՛ուզէ հզօրացնել իր երկրին հիւլէական ներուժը:
Այս բնագաւառի վերլուծաբանները կը նախատեսեն, որ ատիկա կրնայ սկիզբ դնել հիւլէական սպառազինման նոր մրցավազքի: