Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներուն եւ անոնց այսպէս կոչուած դաշինքին կողմէ Ռաքքա քաղաքը ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորումէն ազատագրելու վերաբերեալ պնդումները պարզապէս սուտեր են, որոնց նպատակը միջազգային հասարակական կարծիքին ուշադրութիւնը Ռաքքա նահանգին մէջ այդ դաշինքին ու անոր կամակատարներուն գործած ոճիրներէն շեղելն է»:
«Ռաքքա քաղաքը տակաւին բռնագրաւուած է եւ զայն կարելի է ազատագրուած նկատել այն ժամանակ միայն, երբ Սուրիական արաբական բանակը այդտեղ մուտք գործէ», ընդգծեց աղբիւրը:


