Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Երկաթուղիին Ռազմավարական Մեծ Նշանակութիւն Եւ Հզօր Կարողականութիւն Ունի»

November 2, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ երկուշաբթի օր ներկայ գտնուած էր Ազրպէյճանի մէջ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիին բացման հանդիսաւոր արարողութեան, նախագիծը անուանած է «շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան երաշխիք»: Այս մասին կը գրէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը:

«Այս նախագիծը կատարուած է մեծ ջանքերով, նուիրուածութեամբ, շատ քրտինք թափուած է ատոր համար: Մենք կ՛ապրինք աշխարհի սիրտը հանդիսացող շրջանին մէջ, որ ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ու հզօր կարողականութիւն ունի, այս նախագիծին շնորհիւ մէկ միլիոն ուղեւոր, 6,5 թոն բեռ պիտի փոխադրուի: Չինաստանէն եկող բեռը 12-15 օրուան մէջ պիտի կարենայ հասնիլ Եւրոպա: Այս երկաթուղիին շնորհիւ Լոնտոնը առաջին իսկ գնացքով պիտի կապուի Չինաստանին», ըսած է Էրտողան:

Յիշեցնենք, որ երկուշաբթի օր Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած էր Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրով ներկայ գտնուած էին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, Ղազախստանի վարչապետ Պաքըթճան Սակինթայեւ, Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի եւ Ուզպեքիստանի վարչապետ Ապտուլլա Արիփով:

Նախորդը

Քալիֆորնիոյ Մէջ Անտառային Հրդեհներուն Պատճառած Վնասը Գերազանցած Է Մրցանշային 3,3 Միլիառ Տոլարը

Յաջորդը

Մաքրոն Ֆրանսայի Մէջ Արտակարգ Դրութեան Աւարտը Յայտարարեց

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.