Թրքական խորհրդարանը «Հիւլէական զէնքերու հաշուարկ» խորագիրով իր զեկուցումին մէջ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ մէջ 50 հիւլէական զէնքեր ունին»:
«Միացեալ Նահանգներ հիւլէական զէնքեր կը պահեն օդուժի վեց ռազմակայաններու մէջ, որոնք կը գտնուին հիւլէական զէնքեր չունեցող ՕԹԱՆ-ի անդամ հինգ երկիրներու մէջ, որոնք են` Պելճիքան, Գերմանիան, Իտալիան, Հոլանտան եւ Թուրքիան», ըսուած է զեկուցումին մէջ: