Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Լոզանի Դաշնագիրը Վերատեսութեան Կարիքը Ունի»

Դեկտեմբեր 8, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Յունաստան կատարած այցելութենէն քանի մը ժամ առաջ յունական «Սքայի» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, թէ Լոզանի դաշնագիրը վերատեսութեան կարիքը ունի: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Յունաստանի կառավարութեան բանբերը արդէն յայտարարած է Էրտողանի հարցազրոյցին առնչութեամբ «լուրջ մտավախութիւններու» մասին:

Լոզանի դաշնագիրը, այլ հարցերու կողքին, կը հաստատէ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանները եւ կը սահմանէ Եգէական ծովու կղզիներուն նկատմամբ Յունաստանի իրաւունքները:

«Երբ կը խօսին վերատեսութեան մասին, մենք կրնանք քննարկել ամէն բան: Հաւանական է` Յունաստանին որոշ հարցեր, որոշ նախատեսութիւններ ջղագրգռեն, սակայն մենք կրնանք նստիլ եւ քննարկել», ըսած է Էրտողան:

Ան յստակ դարձուցած է, որ քննարկումը, որ ան կ՛ուզէ կատարել, պիտի չվերաբերի Յունաստանին, այլ` ամբողջ շրջանին:

Թուրքիոյ նախագահը չէ բացատրած, թէ ի՛նչ փոփոխութիւններ կ՛ուզէ կատարել:

Էրտողանի յայտարարութիւնները կտրուկ կերպով կը հակասեն Յունաստանի դիրքորոշումին, որ 1923-ին կնքուած Լոզանի դաշնագիրը կը նկատէ երկկողմանի յարաբերութիւններու անվիճելի հիմք:

Նախորդը

Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին

Յաջորդը

Երուսաղէմի Վերաբերեալ Թրամփի Որոշումին Միջազգային Հակազդեցութիւնները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Վեց Ամսուան Մէջ Վեց Պատերազմներու Վերջ Տուի»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?