Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երուսաղէմի Վերաբերեալ Թրամփի Որոշումին Միջազգային Հակազդեցութիւնները Կը Շարունակուին

Դեկտեմբեր 8, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Երուսաղէմի վերաբերեալ յայտարարութիւնը շատ մտահոգիչ ազդեցութեան ներուժ ունի: Ասիկա շատ նուրբ համաթեքսթ է, եւ այս յայտարարութիւնը կրնայ մեզի վերադարձնել ալ աւելի մութ օրեր, քան այն, որուն մէջ մենք կ՛ապրինք այսօր:

«Եւրոպական Միութիւնը յստակ եւ միասնական կարծիք ունի. մենք վստահ ենք, որ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ տագնապին միակ իրական լուծումը հիմնուած է երկու պետութեան վրայ, իսկ Երուսաղէմը կը նկատուի իբրեւ երկու պետութեան մայրաքաղաք: Եւրոպական Միութիւնն ու անոր անդամ երկիրները պիտի շարունակեն յարգել Երուսաղէմի հարցով միջազգային համախոհութիւնը, այնքան ատեն որ սուրբ քաղաքի վերջնական կարգավիճակը չէ որոշուած կողմերուն միջեւ անմիջական բանակցութեան հիմամբ:

«Ամէնէն առաջնահերթ խնդիրը այս պահուս այն է, որ բոլոր գործող կողմերը խուսափին լարուածութեան խորացումէն: Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ Միջին Արեւելքի քառեակին հետ` ընդլայնուած ձեւաչափով` համագործակցելով այնպիսի երկիրներու հետ, ինչպիսիք են Եգիպտոսը, Յորդանանը եւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ կարեւոր կողմերուն հետ, որոնցմէ է Նորվեկիան: Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ կողմերուն միջեւ անմիջական բանակցութիւններու վերսկսման», ըսած է Եւրոպական Միութեան յանձնակատարը:

Ռուսական «Լենթա» կայքին հաղորդմամբ` Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալը չի նպաստեր միջինարեւելեան շրջանին մէջ տիրող իրավիճակի կարգաւորման:

«Մենք գիտենք, որ բոլորը չէ, որ համաձայն են Միացեալ Նահանգներու նախագահին այս որոշումին: Աւելի՛ն, անիկա բաւական սուր արձագանգ յառաջացուցած է Ռամալլայի եւ ընդհանուր առմամբ պաղեստինցիներուն մօտ», ըսած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը:

Փեսքով ընդգծած է, որ ատիկա կը նպաստէ «միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներուն միջեւ տարակարծութեան յառաջացման»:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դատապարտած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու որոշումը:

«Ես կը շարունակեմ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունենալ Երուսաղէմի վերաբերեալ Թրամփի յայտարարութեան առնչութեամբ, ե՛ւ ոչ միայն իսլամական, այլ նաեւ արեւմտեան երկիրներու ղեկավարներու եւ Հռոմի պապին հետ: Այս մասին պիտի խօսիմ նաեւ պարոն Փութինի հետ: Որովհետեւ այս նիւթը կը վերաբերի ո՛չ միայն իսլամներուն, այլ նաեւ բոլորին», ըսած է Էրտողան` Յունաստան պաշտօնական այցելութենէն առաջ Անգարայի օդակայանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ:

Ան նաեւ նշած է, որ Միացեալ Նահանգները «կոխկռտած են Երուսաղէմի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի` 1980 թուականի որոշումը, որ տակաւին ոչ ոք խախտած էր»:

«Անկարելի է հասկնալ` Թրամփը ի՛նչ ուզած է ըսել այս որոշումով: Այժմ ան հրահրիչի դեր կը կատարէ եւ անհանգստութիւն կը տարածէ ամբողջ շրջանին մէջ: Երուսաղէմը սրբավայր է իսլամներու, քրիստոնեաներու, հրեաներու համար: Այս քայլը` մանաւանդ այս շրջանի համար, կը նմանի վառուող լուցկիի: Առաջնորդները պէտք է ոչ թէ տագնապները սրեն, այլ խաղաղութիւն հաստատեն: Եթէ Թրամփը կը կարծէ, որ ինք այդքան ուժեղ է եւ ատով ճիշդ, ապա ան կը սխալի: Ուժեղ ըլլալ չի նշանակեր ճիշդ ըլլալ», ըսած է Էրտողան:

Միւս կողմէ, արաբական եւ եւրոպական շարք մը երկիրներու, Թունուզի, Յորդանանի, Եգիպտոսի, Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի, եւ թրքական շարք մը քաղաքներու մէջ Թրամփի որոշումին դէմ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այսօր պիտի գումարէ Թրամփի յայտարարութեան հարցով արտակարգ ժողով մը:

 

Նախորդը

Էրտողան. «Լոզանի Դաշնագիրը Վերատեսութեան Կարիքը Ունի»

Յաջորդը

Երուսաղէմի Եւ Պաղեստինեան Այլ Շրջաններու Մէջ Բողոքի Ցոյցեր Ու Բախումներ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս  Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»

Օգոստոս 20, 2025
Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի  Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»
Միջազգային

Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?