Պաղեստինեան իշխանութիւնը մերժեց հանդիպում ունենալ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսի հետ` իբրեւ բողոք Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի քայլին:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի ղեկավարած Ֆաթհ շարժումէն բարձրաստիճան պաշտօնատար Ժըպրիլ Ռաժուպ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահին` պաղեստինեան տարածքներուն մէջ ներկայութիւնը «ողջունելի չէ» եւ անոր հետ հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ:
Փենս կը պատրաստուի դեկտեմբերին այցելել Իսրայէլ, զուգահեռ` սովորաբար տեղի կ՛ունենայ Պաղեստինեան իշխանութեան տարածքներ կարճատեւ այցելութիւն մը:
Սպիտակ տունը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը մտադիր է նախապէս ծրագրուածին նման հանդիպում ունենալ Պաղեստինեան իշխանութեան ղեկավարներուն հետ: Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Փենս «տակաւին մտադիր է հանդիպիլ Ապպասի եւ պաղեստինցի ղեկավարներուն հետ, եւ այն կարծիքը ունի, թէ հանդիպումէն հրաժարելու որեւէ որոշում հակաարդիւնաւէտ պիտի ըլլայ»: