Թուրքիան եւ Յունաստանը համաձայնութիւն գոյացուցած են Յունաստանի ցամաքային մասէն գաղթականներու վերադարձի հոլովոյթին վերաբերեալ:
«Տէօչէ Վելլէ»` յղում կատարելով յունական աղբիւրին, կը հաղորդէ, որ երկու երկիրներուն միջեւ համաձայնութեան նպատակը գերծանրաբեռնուած յունական ճամբարներուն մէջ գաղթականներու թիւի նուազումն է:
Անգարան եւ Աթէնքը համաձայնութիւնը գոյացուցած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Յունաստան կատարած երկօրեայ այցելութեան ծիրին մէջ: Որդեգրուած միջոցները պէտք է համալրեն արդէն իսկ երկիրներուն միջեւ կնքուած համաձայնագիրի կէտերը:
Յունական կառավարութեան աղբիւրը հաստատած է նոր պայմանաւորուածութեան կնքումը, որուն նպատակն է թեթեւցնել կղզիի ծանրաբեռնուածութիւնը: