Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Կրնայ Թուրքիոյ «Էֆ35»-ներ Վաճառել, Եթէ Անգարան Ռուսական Քարիւղ Գնելը Դադրեցնէ

September 27, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ երկկողմանի հանդիպումէն ետք յայտարարած է, թէ կը կարծէ, թէ Թուրքիան կրնայ իր խնդրանքով դադրեցնել Ռուսիայէն քարիւղի գնումները: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ը:

«Ես չեմ ուզեր ատիկա ըսել, սակայն եթէ ան ուզէ, այո: Ես կը կարծեմ, որ ան այդ մէկը պիտի դադրեցնէ», ըսած է Թրամփ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք պիտի կնքէ՞ գործարք ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներու համար, որոնք Թուրքիոյ արգիլուած է գնել, Թրամփ ըսած է. «Ես կրնայի դիւրութեամբ ատիկա ընել, եթէ ուզէի: Մենք ատիկա կրնանք ընել, այո: Կախեալ է: Եթէ ան մեզի համար բան մը ընէ»:

Ան Էրտողանի հետ հանդիպումի ժամանակ յայտարարած էր, թէ յոյս ունի, որ Թուրքիան պիտի դադրի Ռուսիայէն քարիւղ գնել: «Ես պիտի ուզէի, որ ան դադրեցնէ ռուսական քարիւղ գնել, քանի դեռ Ռուսիան կը շարունակէ անարգանք գործադրել Ուքրանիոյ դէմ, եւ անոնք պատերազմի մէջ են», յայտարարած է Թրամփ Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ:

«Անոնք արդէն միլիոնաւոր կեանքեր կորսնցուցած են, եւ ինչի՞ համար, գիտէ՞ք ինչ: Ամօթ»:

Թրամփ շարունակած է գովաբանել Թուրքիոյ նախագահն ու անոր կառուցած բանակը: Ըստ անոր, ինք եւ Թուրքիոյ նախագահը երկար ժամանակ ընկերներ եղած են:

«Նոյնիսկ չորս տարի, երբ ես վտարանքի մէջ էի, ինչպէս պարզուեցաւ անարդարօրէն: Ընտրակեղծիքներ. գիտէք, ան ընտրակեղծիքներու մասին բոլորէն լաւ գիտէ: Սակայն երբ ես վտարանքի մէջ էի, մենք տակաւին ընկերներ էինք: Ատիկա միշտ լաւ միջոց է բարեկամութիւնը ստուգելու համար, սակայն ան շատ յարգուած մարդ է: Ան շատ յարգուած է իր երկրին մէջ, ամբողջ Եւրոպայի մէջ եւ ամբողջ աշխարհի վրայ, ուր անոր կը ճանչնան: Ան կառուցած է հսկայական, հզօր բանակ, կ՛օգտագործէ մեր սարքաւորումներուն մեծ մասը, եւ մեզի համար պատիւ է զինք Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալել», ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

«Էրտողան պատասխանատու էր կարեւոր ձեռքբերումի մը` Պաշշար Ասատի նախկին վարչակարգի տապալման», շեշտած է ան:

Թրամփ խօսքը Էրտողանին ուղղելով ըսած է. «2000 տարիէ ի վեր կը փորձէինք Սուրիոյ տիրել: Էրտողանը Սուրիոյ տիրեց, եւ չ՛ուզեր վաստակը ինք ստանձնել: Ատիկա Թուրքիոյ համար յաղթանակ էր»:

Նախորդը

Նշմար. Անունն Ու Տեսքը Աւելի Կարեւոր Են…

Յաջորդը

Պարրաք. «Շրջանի Տագնապներու Արմատը Սայքս-Փիքոյի Համաձայնութիւնն Է, Եւ Իսկական Միջին Արեւելք Գոյութիւն Չունի»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ  Ուքրանական Յարձակումներուն  Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ
Միջազգային

Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ Ուքրանական Յարձակումներուն Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.