Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շիպանի. «Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Եւ Աբրահամեան Համաձայնագիրներու Մասին Խօսիլը Ներկայիս Դժուար Է»

Սեպտեմբեր 30, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Հասան Շիպանի յայտնեց. «Նոր Սուրիան միացեալ, աշխարհիկ, աշխարհին բացուած եւ քաղաքացիական խաղաղութեամբ երկիր պիտի ըլլայ»: Ան այս մասին յայտնեց «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

«Մէկ, միացեալ, հզօր եւ փայլուն Սուրիոյ գոյութիւնը պիտի ծառայէ սուրիացի ժողովուրդին եւ ամրապնդէ շրջանային անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը», շեշտեց ան:

Շիպանի նշեց, որ իրենց փափաքն է, որ Միջին Արեւելքի եւ Սուրիոյ ժողովուրդները ապահովութեամբ ու խաղաղութեամբ ապրին, «եւ կ՛ուզենք բոլորին հետ երկխօսութիւն եւ գործակցութիւն կառուցել»:

«Ո՛չ Սուրիոյ պետութիւնը, ո՛չ ալ աշխարհի որեւէ պետութիւն կրնայ սանձարձակ զէնքի հարցին նկատմամբ աչք փակել, որովհետեւ ատիկա քաոսի, մասնատման եւ քաղաքացիական պատերազմի պիտի յանգեցնէ: Պետութիւնը օրէնքի կիրարկման մենաշնորհը ունի, ան է, որ պէտք է իր բանակը ունենայ, եւ ան է քաղաքացիի պաշտպանութեան պատասխանատուն: Այսօր պէտք է կազմենք ազգային բանակ մը, որ սուրիացի ժողովուրդը կը ներկայացնէ, անոր սահմանները եւ շահերը կը պաշտպանէ, եւ այսօր զինեալ խմբաւորումներուն անոր համարկուելու առիթ գոյութիւն ունի», շեշտեց ան:

Անդրադառնալով Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն` Շիպանի նշեց. «Մեր քաղաքականութիւնը, որ շարունակ կը յայտարարենք, այն է, որ Սուրիան շրջանին մէջ ոչ ոքի վտանգ կը ներկայացնէ, ներառեալ Իսրայէլի: Սակայն մեր յղած այս դրական պատգամը, որ նոր Սուրիոյ դիմագիծը, խաղաղութեան եւ գործակցութեան դիմագիծը կ՛արտայայտէ սպառնալիքներու եւ յարձակումներու արժանացաւ»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց. «Յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ Աբրահամեան համաձայնութիւններուն մասին ներկայիս խօսիլը դժուար է, մանաւանդ որ Սուրիան Իսրայէլի կողմէ սպառնալիք կը դիմագրաւէ, բռնագրաւուած Կոլանը եւ 8 հոկտեմբերէն ետք գրաւուած նոր շրջաններ կան:

«Ուստի, պէտք է կացութիւնը վերադառնայ այդ օրուընէ առաջ տիրող իրավիճակին, կացութիւնը հանդարտի, սուրիացի ժողովուրդին դրական պատգամներ յղուին եւ զայն հանգստացնել իսրայէլեան այս վարմունքէն, որմէ ետք կրնանք շրջանի ապագային մասին խօսիլ»:

 

 

Նախորդը

Քալլաս. «Մոլտովայի Ընտրութիւնը Յստակ «Այո» Է Եւրոպական Ապագային»

Յաջորդը

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոստ»-Ին. Թրամփ Այսօր Ներկայ Պիտի Գտնուի Զինուորական Բարձրաստիճան Հրամանատարներու Արտակարգ Ժողովին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալու  Համաձայնութեան Գոյացման Կարելիութեան  Նկատմամբ Լաւատես Եմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալու Համաձայնութեան Գոյացման Կարելիութեան Նկատմամբ Լաւատես Եմ»

Սեպտեմբեր 30, 2025
Ըստ «Ուաշինկթըն Փոստ»-Ին.  Թրամփ Այսօր Ներկայ Պիտի Գտնուի  Զինուորական Բարձրաստիճան  Հրամանատարներու Արտակարգ Ժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոստ»-Ին. Թրամփ Այսօր Ներկայ Պիտի Գտնուի Զինուորական Բարձրաստիճան Հրամանատարներու Արտակարգ Ժողովին

Սեպտեմբեր 30, 2025
Քալլաս. «Մոլտովայի Ընտրութիւնը Յստակ  «Այո» Է Եւրոպական Ապագային»
Միջազգային

Քալլաս. «Մոլտովայի Ընտրութիւնը Յստակ «Այո» Է Եւրոպական Ապագային»

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?