Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

90 Միլիոն Տոլարի Աջակցութիւն Տրամադրելով` Սէուտական Արաբիան Պաղեստինեան Իշխանութեան Ֆինանսաւորման Միջազգային Դաշինքի Ստեղծումը Յայտարարեց

September 27, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիան Պաղեստինեան իշխանութեան ֆինանսաւորման միջազգային դաշինքի շտապ ստեղծումը յայտարարեց եւ այդ դաշինքին ճամբով իշխանութեան շուրջ 90 միլիոն տոլար տրամադրեց: Այս մասին երկու պետութիւններու լուծման գործադրման համար միջազգային դաշինքի միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանը:

Պըն Ֆարհան ըսաւ, որ Պաղեստինի պետութիւնը ճանչցող պետութիւններուն ընդհանուր թիւը բարձրացաւ 159-ի:

Ան միեւնոյն ժամանակ նշեց, որ արաբական եւ իսլամական պետութիւնները Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին յստակ դարձուցած են Իսրայէլի Այսրյորդանանը կցելուն վտանգները, «եւ ես վստահ եմ, որ նախագահ Թրամփ հասկցաւ արաբական ու իսլամական պետութիւններու դիրքորոշումը»:

Պըն Ֆայսալ իշխանը յայտնեց, որ Կազայի պատերազմին վերջ տալը երկու պետութիւններու լուծումին նախերգանքը պիտի ըլլայ: «Միացեալ Նահանգներու հետ ներգրաւուած ենք պատերազմի դադրեցման հոլովոյթին մէջ, եւ առանց պաղեստինեան պետութեան ստեղծման Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթ պիտի չըլլայ», նշեց սէուտական դիւանագիտութեան պետը:

Ան Յորդանանի, Եգիպտոսի եւ Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն եւ Եւրոպայի խաղաղութեան պատուիրակին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին վերահաստատեց, որ երկու պետութիւններու լուծումի գործադրութեան դաշինքը պիտի երաշխաւորէ շրջանին մէջ անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը, որովհետեւ կը մշակէ պաղեստինցի ժողովուրդին արդարութիւն գործելու յստակ հոլովոյթ մը, ինչպէս նաեւ կը ներառէ պաղեստինցիներուն աջակցելու ազդու մեքանիզմ մը:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ իր երկիրը գործընկերներու հետ աշխատանք պիտի տանի արդար ու համապարփակ խաղաղութեան ուղղութեամբ` ընդգծելով, որ երկու պետութիւններու լուծումը խաղաղութեան հաստատման եւ Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով ու 1967 թուականի սահմաններով պաղեստինեան պետութեան ստեղծման միջազգային յանձնառութիւնը հաստատելու պատմական առիթ մըն է:

Միւս կողմէ, Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանը բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մեծապէս յանձնառու է Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալուն:

Ան ըսաւ, որ ինք լաւատես է, որ Կազայի պատերազմին վերջ տալու երթը սկսաւ` նշելով, որ այդ պատերազմը երկար տեւեց եւ պէտք է աւարտի:

Սէուտական դիւանագիտութեան պետը բրիտանական պատկերասփիւռի կայանին նշեց, որ Իսրայէլ ցեղասպանութիւն կը գործէ, եւ փաստերը կարելի չէ հերքել:

 

 

Նախորդը

Պարրաք. «Շրջանի Տագնապներու Արմատը Սայքս-Փիքոյի Համաձայնութիւնն Է, Եւ Իսկական Միջին Արեւելք Գոյութիւն Չունի»

Յաջորդը

Թրամփ. «Իսրայէլին Պիտի Չարտօնեմ Այսրդորդանանը Կցել, Այդ Մասին Նեթանիահուի Հետ Խօսիմ Կամ Ոչ»

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.