Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Իսրայէլին պիտի չարտօնեմ Այսրյորդանանը կցել, այդ մասին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ խօսիմ կամ ոչ»:
«Ես Իսրայէլին պիտի չարտօնեմ Այսրյորդանանը կցել: Ո՛չ, ես ատիկա պիտի չընեմ: Ատիկա տեղի պիտի չունենայ», ըսած է ան:
Սպիտակ տան ղեկավարը աւելցուցած է, որ այս հարցը արդէն քննարկած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ:
«Այո՛, սակայն ես ատիկա պիտի չարտօնեմ: Ես Իսրայէլին պիտի չարտօնեմ կցել Այսրյորդանանը: Բաւական է: Ժամանակն է դադրեցնել», ըսած է ան:
Թրամփ նաեւ յայտարարեց, որ Չինաստանի նախագահ Շի Ժինփինկ համաձայն գտնուած է «ԹիքԹոք»-ը ամերիկեան սեփականատիրութեան տակ դնելու համար առաջարկուած գործարքին: