Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը ժամանակաւորապէս դադրեցուցած է իր աշխատանքը` գոյութիւն ունեցող ահաբեկչական վտանգի պատճառով: Այս մասին կը գրէ թրքական «Ճումհուրիեթ» օրաթերթը:
Իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ դեսպանատունը թելադրած է Թուրքիա գտնուող ամերիկացի քաղաքացիներուն ջանալ հեռու մնալ դեսպանատան շէնքէն ու ատոր մերձակայքէն, ինչպէս նաեւ աչալրջութիւն ցուցաբերել երկրին զբօսաշրջական մարդաշատ վայրերը, առեւտուրի կեդրոնները եւ զուարճանքի այլ վայրեր գտնուելու ընթացքին:
Դեսպանատունէն յայտնած են, որ վտանգը անցնելէն ետք դեսպանատունը պիտի վերսկսի իր աշխատանքին:
Անգարայի նահանգապետարանը մեկնաբանած է այս յայտարարութիւնը` նշելով, որ հաշուի առնելով ամերիկեան կողմին ունեցած հետախուզական տեղեկութիւններն ու գոյութիւն ունեցող վտանգի մասին զգուշացումները` իրենք ձեռնարկած են անվտանգութեան խստացուած միջոցառումներու: