Արաբական «Էմ.Պի.Սի. Կրուփ» մեծ մետիախումբը յայտարարած է, թէ որոշած է դադրեցնել թրքական պատկերասփիւռային ֆիլմաշարերու սփռումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութիւնը:
Արաբական բազմաթիւ երկիրներու մէջ գործող մետիախումբը այդ որոշումը բացատրած է շուկան տեղական արտադրանքի համար առաւել նպաստաւոր դարձնելու եւ առաւել որակեալ արաբական ֆիլմաշարերու նկարահանումին նպաստելու ցանկութեամբ:
Այս որոշումը պիտի տարածուի «Էմ.Պի.Սի. Կրուփ»-ին մաս կազմող արաբական պատկերասփիւռի 11 ալիքներու վրայ, որոնց շարքին նաեւ արաբական աշխարհի յառաջատար գրեթէ բոլոր կայանները:
Ծանօթ է, որ արաբական շարք մը երկիրներու մէջ կը ցուցադրուի շուրջ 70 թրքական ֆիլմաշար:
«Նաշրա» հաղորդեց, որ «Էմ.Պի.Սի.»-ի պաշտօնական բանբեր Մազեն Հայեք յայտնեց, թէ որդեգրուած որոշումը միայն «Էմ.Պի.Սի.»-ի արբանեակային կայաններուն չի վերաբերիր, այլ նաեւ շրջանային շարք մը կայաններու եւ արուեստի եւ առեւտրական որոշումէ մը աւելին է:
«Որոշումը որդեգրուեցաւ իբրեւ հետեւանք թրքական նուրբ ուժին վերաբերեալ որեւէ բան սփռելէ եւ զայն արաբական տուներուն մէջ տարածելէ դադրելու արաբական կեցուածքի մը. որովհետեւ Թուրքիա կ՛որդեգրէ միջոցներ, որոնք չեն համապատասխաներ արաբական շրջանի եւ արաբական հայրենիքի միութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան շահերուն», ըսաւ Հայեք: