Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն Եւ Էրտողան Քննարկած Են Արեւելեան Ղութայի Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Մարտ 6, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի օր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի միջեւ Սուրիոյ հիմնախնդիրին հարցով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Թ24» կայքը:

Քննարկելով Արեւելեան Ղութայի մէջ տիրող իրավիճակը` երկու նախագահները շեշտած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որդեգրուած միամսեայ զինադադարի որոշումի պահպանման կարեւորութիւնը եւ համաձայնած են առաւել աշխուժ քննարկումներ կատարել մարդասիրական օժանդակութեան` տեղւոյն բնակչութեան հասցնելու խնդիրներուն շուրջ:

Կը նշուի, որ կողմերը նաեւ խօսած են Աֆրինի մէջ թրքական բանակի գործողութեան մասին: Էրտողան դարձեալ պնդած է, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը ուղղուած է «Թուրքիոյ սահմաններուն դէմ գոյութիւն ունեցող ահաբեկչական վտանգը չէզոքացնելուն եւ տարածքի բնակչութեան խաղաղ կեանք ապահովելուն»:

«Հիւրրիեթ Տէյլի Նիուզ» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Էրտողան նաեւ նշած է Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի ղեկավարներու եռակողմ վեհաժողովը, որ պիտի գումարուի ապրիլի սկիզբը` շեշտելով Սոչիի խորհրդաժողովին ընթացքին որոշուածին համաձայն Սուրիոյ սահմանադրական յանձնախումբի մը կազմութեան կարեւորութիւնը` նպաստելու համար Ժընեւի հոլովոյթի վերակենդանացման:

Թրամփ Եւ Սիսի Քննարկած Են Սուրիոյ Մէջ
Ռուսիոյ Եւ Իրանի Գործողութիւնները

Միացեալ Նահանգներու եւ Եգիպտոսի նախագահներ Տանըլտ Թրամփ եւ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի երէկ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ եւ Իրանի գործողութիւնները` համաձայնելով միասին աշխատիլ այնտեղ տիրող մարդասիրական ճգնաժամի յաղթահարման համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»` յղում կատարելով Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութեան:

«Ղեկավարները քննարկած են Ռուսիոյ եւ Իրանի անպատասխանատու օժանդակութիւնը Ասատի վարչակազմին կողմէ քաղաքային անմեղ անձերու դէմ դաժան յարձակումներուն», յայտարարած է մամլոյ ծառայութիւնը:

Թրամփ եւ Սիսի «համաձայնած են միասին աշխատիլ Սուրիոյ մէջ տիրող մարդասիրական ճգնաժամի յաղթահարման, շրջանին մէջ արաբական միասնութեան եւ անվտանգութեան հասնելու համար»:

Բացի ատկէ, ինչպէս կը նշէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, պետութիւններու ղեկավարները խօսած են տնտեսութեան եւ անվտանգութեան բնագաւառներուն մէջ «ամերիկեան-եգիպտական գործընկերութեան ամրապնդման կարելիութիւններուն» մասին:

 

Նախորդը

Անգարայի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատունը Ժամանակաւորապէս Դադրեցուցած Է Իր Աշխատանքը` Ահաբեկչական Վտանգի Պատճառով

Յաջորդը

Հետեւելով Միացեալ Նահանգներու Օրինակին. Կուաթեմալա Մայիսին Իր Դեսպանատունը Թել Աւիւէն Պիտի Փոխադրէ Երուսաղէմ

RelatedPosts

Պարրաք. «Սուրիան Մեզի Պիտի Օգնէ ՏԱՀԵՇ-ի,  Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդի, Համասի  Եւ Հըզպալլայի Մնացորդի Կազմաքանդման»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Սուրիան Մեզի Պիտի Օգնէ ՏԱՀԵՇ-ի, Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդի, Համասի Եւ Հըզպալլայի Մնացորդի Կազմաքանդման»

Նոյեմբեր 14, 2025
Ամերիկեան Բանակի Կեդրոնական Հրամանատարութիւնը  Սուրիոյ Պաշտօնապէս ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Միջազգային  Դաշինքին Միացումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Ամերիկեան Բանակի Կեդրոնական Հրամանատարութիւնը Սուրիոյ Պաշտօնապէս ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Միջազգային Դաշինքին Միացումը Յայտարարեց

Նոյեմբեր 14, 2025
Ալիեւ. «Թրամփի Վերընտրութենէն Ետք  Պաքու-Ուաշինկթըն Յարաբերութիւնները  Նոր Փուլ Մուտք Գործած Են»
Միջազգային

Ալիեւ. «Թրամփի Վերընտրութենէն Ետք Պաքու-Ուաշինկթըն Յարաբերութիւնները Նոր Փուլ Մուտք Գործած Են»

Նոյեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?