Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անկարելի Է Թուրքիոյ Եւ Անոր Վարչակազմին Վստահիլ» Շեշտեց Նախագահ Ասատ

Մարտ 5, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ Դամասկոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական խորհրդատու Հիւսէյն Ժապիրի Անսարիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին անհրաժեշտ նկատուեցաւ Սոչիի խորհրդաժողովին որոշումները գործադրելու ծրագիրի մը մշակումը, ընդգծելով, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման միջազգային բանագնաց Տը Միսթուրա պէտք է իր առաքելութիւնը շարունակէ` իբրեւ երկխօսութիւնը դիւրացնող միջնորդ:

Քննարկուեցան նաեւ Աֆրինի դէմ շարունակուող թրքական բռնարարքները:

Ասատ շեշտեց, որ Սուրիոյ ապագայ քաղաքական ընտրանքներուն իմաստով վերջնական որոշումը միայն սուրիացի ժողովուրդին կը պատկանի:

«Աֆրինի դէմ շարունակուող թրքական յարձակումները կ՛ապացուցեն Սուրիոյ դէմ Թուրքիոյ թշնամական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ կը փաստեն, որ թրքական քաղաքականութեան եւ վարչակազմին անկարելի է վստահիլ», ընդգծեց Ասատ:

Ասատ յայտնեց նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման վերաբերեալ Արեւմուտքի ամբաստանութիւնը Սուրիոյ բանակին դէմ յարձակում գործելու պատրուակ է: «Արեւելեան Ղութայի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կ՛ուզէ ահաբեկիչներուն վերահսկողութենէն դուրս գալով վերադառնալ պետութեան գիրկը, ուստի ահաբեկչութեան դէմ գործողութիւնը պիտի շարունակուի` քաղաքայիններուն պետութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններ դուրս գալու առիթ ընծայման զուգահեռ», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Անսարի շեշտեց Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ մնայուն կերպով խորհրդակցելու Թեհրանի յանձնառութիւնը, աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծման առումով իրանեան կողմին ունենալիք որեւէ ներդրումը` սուրիական իշխանութեան հետ համադրաբար պիտի կատարուի:

Անսարի նշեց, որ Սուրիան եւ սուրիացիները Իրանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին  կեանքին մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւեն:

 

Նախորդը

Թրքական Բանակի Ռմբակոծումին Պատճառով Ժանտիրսի Եւ Մէյտանքիի Մէջ Տասնեակներով Քաղաքայիններ Վիրաւորուած Են

Յաջորդը

Աքքայի Մէջ Վրայերթի Պատճառով Վիրաւորուեցան Երեք Իսրայէլացիներ

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?